Հեզ եկեղեցի մը ընկճուած մարդկութեան համար։ Հեզ եկեղեցի մը ընկճուած մարդկութեան համար։  

Հեզ եկեղեցի մը ընկճուած մարդկութեան համար։ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի «Տագնապէն անդին» յօդուածներու շարքին վերջինը։

«Մենք պիտի կարենանք արդեօ՞ք ըլլալ Եկեղեցի մը՝որ կարող ըլլայ եղբայրութեամբ, սիրով եւ բարութեամբ առաջնորդել ընկճուած մարդկութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ եւ Ռատիովատիկանի նախկին տնօրէն՝Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին իր «Տագնապէն անդին» յօդուածներու շարքին վերջինը կը նուիրէ համաճարակի փորձառութենէն ետք եկող ժամանակներուն։

Ան Կը գրէ.

2000 Յոբելեանի աւարտին զոր Ան ապրեցաւ ու մեզ հրաւիրեց ապրիլ որպէս Քրիստոսին շնորհքի եւ մարդկութեան պատմութեան միջեւ կարեւոր ժամադրութիւն. Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Համայն Եկեղեցւոյ ուղղեց նամակ մը «Երրորդ հազարամեայի սկիզբ» վերնագիրով որուն մէջ կ՛արձագանգէն Յիսուսին Պետրոսին ուղղուած խօսքերը «Բացերը գնա…»։

«Բացերը գնա եւ ուռկանները նետեցէք որսալու համար» (Ղուկ 5,4)։

Քահանայապետը կը հրաւիրէր յիշել անցեալը, գորովով ապրիլ ներկան ու վստահութեամբ բացուիլ ապագային» որովհետեւ «Յիսուս Քրիստոսը նոյնն է՝ երէկ, այսօր  ու դարերու  հոլովոյթին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր կարգին Քահանայապետութեան սկիզբէն ի վեր խօսեցաւ «դէպի դուրս եկեղեցւոյ» մը իրականութեան մասին, աւետարանող եկեղեցի մը որ ոգեւորուած է Սուրբ Հոգիէն, զոր Յարուցեալ Քրիստոսը շնորհեց անոր։

12 Հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, Յովհաննէս ԻԳ-ի լուսնի ճառին 50 ամեակին առթիւ, նոյն պատուհանէն արտասանեց հակիրճ ճառ մը, որուն մէջ նշեց՝ թէ «Եկեղեցին անցած 50 տարիներու ընթացքին ապրեցաւ մեղքի փորձառութիւնը, փորձառութիւնը դաշտի ցորենի հետ խառնուած որոմին, փոթորիկին  եւ հակառակ քամիին»։ Ան խօսեցաւ նաեւ Սուրբ Հոգիին ու Քրիստոսին կրակի մասին։ Ոչ որպէս այրող կրակ՝ այլ հեզ եւ լռելեան բոց մը՝ որ կը հրահրէ բարութեան եւ սիրոյ խարիզմները,  որոնք աշխարհը կը լուսաւորեն ու կը վկայեն Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ։

Մինչ Պենտեկոստէի տօնը կը մօտենայ միտքս կու գան երրորդ հազարամեայի քահանայապետերուն խօսքերը։ Երրորդ հազարամեայ մը որ յատկանշուեցաւ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութեամբ եւ Ծոցի պատերազմով, հուսկ  տնտեսական տագնապով, «մաս – մաս» համաշխարհային պատերազմով, Սուրիոյ եւ Լիպիայի քանդումով, բնապահպանական տագնապով եւ այլ բազմաթիւ հարցերով եւ ահա այժմ կ՛ապրինք համաշխարհային համավարակը ու անոր բոլոր աննախադէպ հետեւանքները։

Անշուշտ պակաս չեն նաեւ գիտական եւ առողջապահական մարզէն ներս ձեռքբերումները, կրթութեան, հաղորդակցութեան ծիրէն ներս զարգացումներ։

Համաճարակին փորձառութիւնը նոյնիսկ եթէ յաղթահարուի կը մնայ միշտ  ժամանակակից ընկերութեան միշտ աւելի բարդ ուղեւորութեան անկայունութեան, անապահովութեան ու դժուարութեան փորձառութիւն մը։

Պատմութիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը եւ Եկեղեցին կը շարունակէ սորվիլ թէ իր միակ ուժը Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ իր հաւատքն է, եւ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւն է։

«Մենք պիտի կարենանք արդեօ՞ք ըլլալ Եկեղեցի մը՝որ կարող ըլլայ եղբայրութեամբ, սիրով եւ բարութեամբ  առաջնորդել ընկճուած մարդկութիւնը» հարց կու տայ Հայր Լոմպարտին յօդուածին աւարտին ապա կը հրաւիրէ. «Պենտեկոստէի առթիւ հայցենք Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը։ Անոր նուիրենք մեր սրտերը, մեր մտքերը, որպէսզի կարողանայ գործել ու յայտնուիլ որպէս դիւրաբեկութենէն, առանձնութենէն փրկող ուժ մը, ՝ուժ փրկող շփոթէն, պատրանքներէն, խաբեութիւններէն և յուսահատութիւններէն, ուժ՝ յոյսի եւ յաւիտենական կեանքի»։

Ասիկա կարող է իրականացնել խոնարհ եկեղեցի մը, ընկճուած ու ճնշուած մարդկութեան քոյր, կողակից եւ ծառայող եկեղեցի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2020, 14:30