«Տագնապէն անդին» «Տագնապէն անդին» 

«Տագնապէն անդին» Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի յօդուածներու երկրորդ շարքը։

Ռատիովատիկանի նախկին տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի սկիզբ տուաւ ապագայի հեռանկարով՝ «տագնապէն անդին» բնաբանով յօդուածներու նոր շարքի մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 2 մայիս 2020-ին հրապարակուեցաւ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի  «Տագնապէն անդին» խորագիրով  յօդուածներու նոր շարքի մը առաջինը, որուն մէջ ան հարց կու տայ թէ մեկուսացման դրութիւններու թուլացումէն ետք «Ո՞րը պիտի ըլլայ հայեացը՝ որով պիտի վերադառնանք իրար նայելու եւ իրարու հանդիպելու»։  

Ասկէ մեկնելով Ան կ՛ակնարկէ Ռուս մտաւորականի մը վերջերս ընթերցած մէկ խօսքին, որ կը հաստատէ թէ «աշխարհի ամենակարեւոր բանը՝ մարդոց միջեւ  փոխյարաբերութիւնն է»…. Այս ուղղութեամբ Հայր Լոմպարտի կ՛անդրադառնայ մերօրեայ իրականութեան, ուր ճանապարհներու վրայ կը հանդիպինք մարդոց՝ որոնք կարծես իրենք իրենց մէջ փակուած են, ուրիշներ  իրենց ականջներուն թելեր կախած ու այլ մարդիկ կեդրոնացած իրենց բջիջային հեռախօսի պաստառին վրայ, մինչ ոմանք բարձրաձայն  կը խօսին օդին հետ, առանց նկատի առնելու իրենց շուրջինները…. «ուրիշներուն բարութեամբ եւ ուշադրութեամբ նայիլը դարձած էր հազուագիւտ արարք» դիտել կու տայ Հայր Լոմպարտին։

«Մի քանի շաբաթներ տան մէջ փակուած մնալէ ետք մեծ իղձ ունիմ դարձեալ հանդիպելու տարբեր դէմքերու։ Յոյս ալ ունիմ որ ուշ կամ կանուխ այս մէկը պատահի նաեւ առանց դիմակներու կամ այլ արգելքներու գործածութեամբ» կը շարունակէ յօդուածագիրը, մատնանշելով որ «շատեր, այս ամիսներուն, դրական զարմանքով փորձարկեցին թուային  հաղորդակցութեան կարելիութիւնները....թէեւ, կը նշէ Ան, մեկուսացումի երկարութեան բերումով բոլորս ալ հասկցանք անոնց անբաւարարութիւնը»։

Ասկէ մեկնելով Հայր Լոմպարտին շարք մը հարցումներ կ՛ուղղէ ապագայի վերաբերեալ, այն ժամանակ երբ համաճարակը աւարտի, մեր վախերու ու վարուելակերպի մասին, մեր միջեւ փոխյարաբերութիւններու մասին…եթէ նկատի պիտի առնենք մեր մարդկային միակ ընտանիքի պատկանելիութեան իրողութիւնը ու պիտի հասկնանք թէ Երկիր մոլորակը մեր հասարակաց տունն է։ Եթէ պիտի գիտնանք վերագտնել ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան սլացքը...ու միասին ապրելու յոյսը՝ խաղաղ աշխարհի մը մէջ։

«Քորոնավիրուսէն ետք ձեռք բերուած ազատութիւնը մեզ արդե՞օք պիտի օգնէ ձերբազատուելու նաեւ ֆիզիկական եւ հոգեկան միւս վիրուսներէն, որոնք արգելք կը հանդիսանան տեսնելու ու հանդիպելու այն գանձին որ կը գտնուի ուրիշին մէջ, կամ պիտի շարունակենք ըլլալ ու մնալ մեր անհատականութեան մէջ», հարց կու տայ յօդուածագիրը, նկատել տալով՝ թէ «թուային արուեստագիտութիւնը կարող է միջնորդ հանդիսանալ մեր յարաբերութիւններուն համար, սակայն մարդոց միջեւ ֆիզիկական շփումն ու հանդիպումը կը մնան միշտ մեր ճանապարհորդութեան ու մեր կեանքի փորձառութիւն մեկնակէտը»։

«Յիսուս Աստուծոյ տեսաբանական յայտնութիւն մը չեղաւ, Ան մարմնացաւ, որպէսզի կարողանանք զինք տեսնել։ Եւ Յիսուս մեզի ըսաւ. «թէ ինք ներկայ է ու մեզ կը սպասէ ուրիշին մէջ, ու թէ անոր դէմքին ընդմէջէն է որ կարող ենք տեսնել Իր դէմքը» կը գրէ հայր Լոմպարտի ուղղելով վերջին հարցում մը.

«Ո՞րմէկ աչքերով է եւ ո՞րմէկ սրտով ու ժպիտով է որ պիտի վերադառնանք ճանապարհներուն վրայ, հատելու համար բազմաթիւ այլ մարդոց ճանապարհները, որոնք ըստ երեւոյթին օտարներ են, բայց այս ամիսներու ընթացքին զգացինք անոնց կարօտը ու իրենք եւս մեզի նման զգացին այդ հանդիպումի իղձը՝ կեանքի առօրեայի ուղիներուն վրայ ու մեր միասնական աշխարհին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2020, 14:30