«Տարբեր եւ միացած։ Կը հաղորդեմ ուրեմն եմ։» «Տարբեր եւ միացած։ Կը հաղորդեմ ուրեմն եմ։» 

«Տարբեր եւ միացած։ Կը հաղորդեմ ուրեմն եմ։» Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնը պարունակող եւ Ժասթին Վելպի արքեպիսկոպոսին նախաբանով նոր գիրքը։

Տարբեր եւ միացած։ Կը հաղորդեմ ուրեմն եմ» վերնագիրով գիրքը մաս կը կազմէ Վատիկանի հրատարակչատան «պարգեւներու փոխանակում» տիտղոսակիր մատենաշարին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

25 մայիս 2020ին, Վատիկանի հրատարակչատունէն լոյս կը տեսնէ «տարբեր եւ միացած։Կը հաղորդեմ ուրեմն եմ», վերնագիրով նոր գիրք մը, որուն մէջ հրապարակուած են Ֆրանչիսկոս Պապին համամիութեան նիւթին վերաբերող խորհրդածութիւններ ու յօդուածներ։ Գիրքի նախաբանը պատրաստած է Անգլիոյ եկեղեցւոյ Քանթերպուրիի արքեպիսկոպոս Ժասթին Վելպին։

Ունկնդրէ լուրը

«Տարբեր եւ միացած։ Կը հաղորդեմ ուրեմն եմ» վերնագիրով գիրքը մաս կը կազմէ Վատիկանի հրատարակչատան «պարգեւներու փոխանակում» տիտղոսակիր մատենաշարին, որոնք կը պարունակեն համամիութենական նիւթեր, եւ որոնց գիրքերու նախաբանները ընդհանրապէս կը կրեն քոյր եկեղեցիներու կամ եկեղեցական հասարակութիւններուն ներկայացուցիչի մըստորագրութիւնը։ Քոյր եկեղեցիներ, որոնց հետ միշտ ուղեւորութեան մէջ ենք դէպի լիակատար հաղորդութիւն»։Նշուած է Վատիկանի Հրատարակչատան նշեալ գիրքի մասին կատարած յայտարարութեան մէջ։ 

«Տարբեր եւ միացած» հատորը կը պարունակէ Անգլիոյ եկեղեցւոյ Քանթերպուրի Արքեպիսկոպոսին ներածականը եւ ֆրանչիսկոս Պապին մարդկային յարաբերութիւններու մասին կարգ մը  խորհրդածութիւններ։ Քանթերպուրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Վելպին նախաբանին մէջ անդրադառնալով մարդկային յարաբերութիւններուն նշած է  «Ամենէն գեղեցիկ եւ արդիւնաբեր մարդկային յարաբերութիւնները անոնց  ենք, որոնք հիմնուած են Աստուծոյ՝ մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյ վրայ։ »

Գիրքին մէջ լոյս տեսած Ֆրանչիսկոս Պապ «Յիսուսի հայեացքով» խորագիրով  իր յօդուածին մէջ կ՝անդրադառնայ աւետարանին հարուստ երիտասարդին պատմութեան, ընդգծելով Յիսուսի իւրայատուկ սէրը։ « Որովհետեւ» գրած է Ան,  «Քրիստոնէական հաւատքը կը հիմնուի  պարզ հաստատումին վրայ, Յիսուս աստուածային բնութիւն ունի ու Աստուած սէր է։ Առանց այս սիրոյ նայուածքին, մարդկային հաղորդութիւնը, անձերու միջեւ երկխօսութիւնը, կրնայ դիւրինութեամբ լոկ տրամախօսութիւն դառնալ։ Գրած է Սրբազան Հայրը իր յօդուածին մէջ։

Ան ապա նկատել կու տայ, որ իւրաքանչիւր հաղորդութեան ձեւի եւ մարդկային յարաբերութեան հիմքին մէջ գոյութիւն ունի ուրիշը ունկնդրելու պատրաստակամութիւնը ու այս առնչութեամբ կ՝ընդգծէ, թէ  շատ բաներ կրնանք քաղել Սուրբ կարդինալ Ժոն Հենրի Նիւմանի ուսմունքներէն։»

Ի Վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ յօդուածին մէջ շեշտելով երեւակայութեան եւ սրտի պատրաստակամութեան կարեւորութիւնը, ան նկատել կու տայ, որ սիրտի պատրաստակամութիւնը յոյժ աւելի կարեւոր է  քան միտքը,  որպէսզի մարդ արարածը կարենայ՝ հաւատքի փորձառութենէն դպչուիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2020, 18:38