Կարդինալ Այուզօ Կիսօ Կարդինալ Այուզօ Կիսօ 

Կարդինալ Այուզօ «Աշխարhը պէտք չէ, որ վերադառնայ այնպէս ինչպէս որ էր համաճարակէն առաջ։» Աշխարհը պէտք ունի միութեան, զօրակցութեան եւ եղբայրութեան։

Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Անճէլ Այուզօ Կիսոյին ելոյթը ՄԱԿի պատկերասփռուած նիստի մը ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած«Կրօնապետերուն դերակատարութիւնը քորոնա ժահրի կապուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար» նիւթով պատկերասփռուած նիստի մը ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Անճէլ Այուզօ Կիսոն։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորին ելոյթին առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին, 27 մարտին, համաճարակի աւարտին համար կատարած յատուկ աղօթքի առթիւ արտասանած  հայրական խօսքէն հատուածը «անդրադարձանք, որ ամէնքս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն մէջ ՝անկողմնորոշուած, դիւրաբեկ, սակայն միաժամանակ  բոլորս կարեւոր ու անհրաժեշտ ենք՝  կանչուած միասնաբար նաւարկելու, իրար զիրար մխիթարելու կարօտով ։

Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նախագահը ելոյթին մէջ ընդգծեց երեք կէտեր, միութիւն, զօրակցութիւն եւ եղբայրութիւն։

Միութիւն։ 

Ան նշեց, թէ պէտք է յիշել, որ բոլորս մաս կը կազմենք միեւնոյն մարդկային ընտանիքին։ Համաճարակի տագնապը բոլորս աւելի միացուց եւ հասկցուց, թէ մեր հասարակութիւններու կեանքը չէ կարելի բաժնել այլ հասարակութիւններէ։  Այդ միութեան զգացումը, պահանջը չենք պարտիր զօրեղ տնտեսական միութեան, այլ կը պարտինք այն իրողութեան, թէ բոլորս դիւրաբեկ ու տկար ենք, այնուհետեւ կարիքը կը զգանք մէկը միւսին։ Ըսաւ Կարդինալ Կիսօն։

Զօրակցութիւն։ 

Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի ղեկավարը նկատել տուաւ, որ  միութեան գիտակցութենէն կը բխի պահանջը զօրաւիգ կանգնելու համաճարակի թիրախ համայն մարդկութեան, եւ այս պէտք է  կատարել առանց բաժանումներուն, քաջութիւնը ունենալով զօրակցութեան նոր ձեւեր գտնելու։
Ծիրանաւորը շեշտեց, թէ պէտք է նոր հիմեր կառուցել  յաղթահարելու համար ամէն տեսակ անարդարութիւն  եւ անհաւասարութիւն։ Ան հաստատեց թէ«աշխարհը պէտք չէ , որ վերադառնայ նախ քան համաճարակի իրականութեան։ Այլ պէտք է համաճարակի առիթէն օգտուիլ աւելի լաւ համաշխարհային ընկերութիւն մը կերտելու։

Եղբայրութիւն։  

Այս առնչութեամբ Ծիրանաւոր ընդգծեց, որ իրար զիրար իբրեւ եղբայրներ եւ քոյրեր ճանչնալը,  առաջին քայլն է քանդելու համար վախէն եւ տգիտութենէն բարձրացած պատնէշները, աւելցնելով որ  համաճարակը բոլորս մղեց  բարեկամութեան , եղբայրութեան կամուրջներ կառուցելու՝ համայն մարդկութեան բարիքին համար։ Եւ աս եղբայրութեան հոգին, որուն մէջ բոլորս կը գտնուինք, պէտք չէ, որ լոկ առանձնաշնորհումը ըլլայ հասարակութեան մը  կրօնքին կամ մշակոյթի մը, այլ պէտք է ներգրաւէ բոլորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2020, 12:00