Գովեալ ըլլաս Գովեալ ըլլաս  Խմբագրական

«Գովեալ Ըլլաս», համաճարակէն ետք ապագային նայելու համար շրջաբերական մը։

Հինգ տարիներ առաջ Քահանայապետը ստորագրեց փաստաթուղթ մը, որ կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան համար նոր քայլ մը եւ ուղեցոյց մը կառուցելու համար աւելի արդար ընկերութիւն մը, որ կարող ըլլայ պահպանել մարդկային կեանքն ու Արարչութիւնը։

Անտրէա Թորնիելլի խմբգրականէն

Այսօր կը յիշատակուի Գովեալ ըլլաս շրջաբերականին հրատարակութեան հինգերորդ տարեդարձ, որուն առթիւ, Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի  խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէնը՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի, հրապարակեց խմբագրական մը, որուն մէջ ակնարկելով մարդկութեան եւ աշխարհին համաճարակին դէմ մղած պայքարին նշեց թէ Քահանայապետի վերոնշեալ շրջաբերականի արժանիքներէն մին եղաւ՝ մեզի հասկցնել թէ ամէն բան իրարմէ կախուած է ու իրար կապուած է, թէ չկայ արդարեւ բնապահպանական հարց մը որ անջատուած ըլլայ ընկերային հարցէն, եւ կլիմայական փոփոխութիւնները, արտագաղթը, պատերազմները, աղքատութիւնն ու թերազարգացումը, արտայայտութիւններն են միակ տագնապի մը որ բնապահպանական ըլլալէ առաջ իր արմատները կը գտնէ բարոյական, մշակութային եւ հոգեւոր տագնապին մէջ։

«Գովեալ ըլլաս շրջաբերականը չի ծնիր կարօտի մը իղձէն, ետ տանելու համար պատմութեան ժամացոյցը ու դառնալու նախաարդիւնաբերական կեանքի ձեւերուն, այլ կը նկարագրէ ինքնաոչնչացման  գործընթացք մը, որ արդիւնքն է  անմիջական շահոյթի որոնումին եւ աստուածացած շուկային» կը գրէ Տիար Թորնիելլի ակնարկելով այսօրուայ աշխարհին ապրած ծանր տագնապին, համաճարակին պատճառաւ, որ աւելի ակնյայտ դարձուց կը գրէ Ան մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին՝ համաճարակէն փրկուելու համար 27 մարտի աղօթքի ընթացքին արտասանած խօսքերը. «թէ յառաջ ընթացանք շատ մեծ արագութեամբ, մենք զմեզ զգալով զօրեղ եւ ամէն բանի կարող։

Շահի ագահութեամբ մենք մեզի թոյլ տուինք կլանուիլ իրերէն ու շտապողականութենէն տարուբերուելու…մենք չուզեցինք մեր աչքերը բանալ պատերազմներու եւ մոլորակային անարդարութիւններուն դիմաց, չի լսեցինք աղքատներու ճիչը ու ճիչը մեր ծանրապէս հիւանդ մոլորակին։ Յառաջ ընթացանք քարացած սրտով, կարծելով թէ առ յաւէտ առողջ պիտի մնայինք, աշխարհի մը մէջ որ հիւանդ է»

Միշտ աղօթքի այդ խորհրդաւոր պահի ընթացքին, հայցելու համար համաճարակին աւարտը, որը մեզ բոլորս արթնցուց աւելի փխրուն և անպաշտպան, Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուց որ  կանչուած ենք  «փորձութեան այս ժամանակը համարել որպէս ընտրութեան ժամանակ ... ժամանակ ընտրելու այն ինչ արժէք ունի եւ այն ինչ որ անարժէք, բաժնելու անհրաժեշտը ոչ անհրաժեշտէն։ Գովելա ըլլաս շրջաբերականը մեզ կ՛առաջնորդէ վերամտածելու ընկերութիւններ ուր մարդկային կեանքը ու մասնաւորապէս ամենէ տկարներունն ու անպաշտպաններունը ըլլայ պաշտպանուած, ուր բոլոր կարելիութիւնը ունենան խնամքի մատչելիութիւնը, ուր անհատները երբեք չանտեսուին եւ բնութիւնը անհոգութեամբ չի թալանուի այլ մշակուի եւ պահպանուի մեզմէ ետք եկողներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2020, 08:00