Ասսիզի 1986 - Կրօնապետերու աղօթքը Ասսիզի 1986 - Կրօնապետերու աղօթքը   Խմբագրական

«Վկայութեան մը այժմէականութիւնը. Բոլորին համար երկարող ձեռքեր»:

Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ Սուրբ քահանայապետին ծննդեան 100 ամեակին նուիրուած Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէնի խմբագրականը։
Ունկնդրէ լուրը

Անտրէա Թորնիելլի - Վատիկան

18 Մայիսին կը տօնախմբուի Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ Սուրբ քահանայապետին ծննդեան 100 ամեակը, որուն առթիւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն՝  Անտրէա Թորնիելլի, հրապարակեց խմբագրական մը որուն մէջ կը գրէ

27 հոկտեմբեր 1986-ին, արդի պատմութեան ողբերգական մէկ պահուն, երբ շօշափելի էր միջուկային պատերազմի մը հեռանկարը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը՝ քաջութեամբ եւ յաղթահարելով նաեւ ներքին  ոչ նուազ դիմադրութիւններ, Ասսիզիի մէջ համախմբեց աշխարհի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները։ 

«Բազմաթիւ կրօնապետերու համախմբումը՝ աղօթելու համար, այսօր ինքնիր մէջ հրաւէր է աշխարհին՝աւելի իրազեկ դառնալու, թէ կայ խաղաղութեան այլ հարթակ մը ու զայն խթանելու այլ կերպ մը, որ արդիւնքը չէ բանակցութիւններու, քաղաքական փոխզիջումներու, կամ տնտեսական վաճառականութեան։ Արդիւնքն է աղօթքին, որ նոյնիսկ կրօններու զանազանութեան մէջ, կ՛արտայայտէ բարձրագոյն իշխանութեան մը հետ փոխյարաբերութիւնը, որ կը գերազանցէ մեր մարդկային կարողութիւնները…մենք այստեղ ենք, որովհետեւ ապահով  ենք՝ թէ կարիքը կայ խոնարհ եւ խոր աղօթքին, վստահութեան աղօթքին, եթէ կը փափաքինք որ աշխարհը վերջապէս դառնայ վայրը՝ իսկական եւ մնայուն խաղաղութեան» ըսած էր այդ առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը։

Այս 18 մայիսին կը տօնախմբենք մեծ Քահանայապետի մը ծննդեան հարիւրամեակը,   որ իր Պետրոսեան երկար տարիներու ծառայութեան մէջ, Եկեղեցին առաջնորդեց դէպի նոր հազարամեայ։ Ականատես եղաւ Պերլինի պատի փլուզումին, որ Եւրոպան բաժնած էր երկու մասերու, իղձ ունէր տեսնել խաղաղութեան նոր դարաշրջանի մը ծագումը. սակայն  դէմ յանդիման գտնուեցաւ, արդեն ծեր եւ հիւանդ, նոր պատերազմներու  եւ ապակայունացնող և անողոք ահաբեկչութեան  մը, որ կը չարաշահէ Աստուծոյ անունը, մահ և ոչնչացում սերմանելու համար։

Եւ այս մէկը դիմակալելու համար՝ 2002ի Յունուարին, Ասսիզիի մէջ դարձեալ համախմբեց կրօնները, առանց փոխ զիջելու քաղաքակրթութիւններու միջեւ բախումի գաղափարականին, եւ միշտ ու մինչեւ վերջ ձգտելով ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ հանդիպումին։

Ան խօսեցաւ բոլորին՝ ոչ մէկ բան խնայեց խուսափելու համար հակամարտութեան բռնկումէն, խրախուսելու  խաղաղ անցումներ ու խթանելու խաղաղութիւն եւ արդարութիւն։ 

Ան ճամբորդեց աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, ողջագուրելու համար աշխարհի ժողովուրդները, անոնց հռչակելով Աւետարանը։

Պայքարեցաւ պաշտպանելու համար ամէն մէկ մարդկային կեանքի արժանապատւութիւնը։ Պատմական այց կատարեց Հռոմի Հրեաներու Ժողովարանին։ Նաւարկեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին ուրուագիծին վրայ։ Ան գիտցաւ քալել նոր եւ չբացայայտուած ուղիներու վրայէն, յայտարարելով նաեւ թէ պատրաստ էր հարցականի տակ դնել՝ Պետրոսեան առաքելութեան ծառայութեան մատուցման եղանակը  ի նպաստ քրիստոնեաներու միութեան խթանման։

Անոր վկայութիւնը աւելի քան երբեք այժմէական է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2020, 09:00