Երանելի Շարլ Տէ Ֆուքոն Երանելի Շարլ Տէ Ֆուքոն 

Եկեղեցին կը հարստանայ երեք նոր սուրբերով եւ երկու նոր երանելիներով։

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի նոր երեք սուրբերու , երկու երանելիներուն եւ Աստուծոյ ծառաներու հայող հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 27 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունելով սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Անճելօ Պեչուն, արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի նոր երեք սուրբերու, երկու երանելիներուն եւ  Աստուծոյ ծառաներու հայող հրամանագիրերը։

Ունկնդրէ լուրը

Նոր Սուրբեր

Սուրբերու շարքին են, «Քրիստոնէական վարդապետութեան հայրեր» միաբանութեան հիմնադիր, երանելի հայր Չէզարէ Տէ Պուս։ Ան ծնած էր 3 փետրուար 1544ին ֆրանսա եւ վախճանած է 15 ապրիլ 1607ին։

- Երանելի, Թեմական քահանայ հայր Շարլ Տէ Ֆուքօ։ Ան ծնած է Ֆրանսա՝ 15 սեպտեմբեր 1858ին եւ վախճանած է Ալճերիոյ մէջ 1 դեկտեմբեր 1916ին։

- Երանելի, Քոյր Մարիա Տոմենիքա Մանթովանի։ Ան եղած է համահիմնադիրն ու առաջին ընդհանուր մեծաւորուհին «Սուրբ ընտանիքին փոքրիկ քոյրեր» միաբանութեան։ Քոյ Մարիա Տոմէնիքա ծնած էր Իտալիա 12 նոյեմբեր 1862ին եւ հոգին աւանդած է առ Հայր 2 փետրուար 1934ին։

Նոր երանելիներ

Աստուծոյ ծառայ հայր Միքէլէ ՄաքՃիւնեյ, հիմնադիրր «Քոլոմպոյի ասպետներ»միաբանութեան։ Ան ծնած էր 12 օգոստոս 1852ին Ամերիկա եւ վախճանած է 14 օգոստոս 1890ին։

Աստուծոյ աղախին Փաութին Մարիա Ժարիքօ։ Ան եղած է հիմնադրուհին երկու միաբանութիւններուն։ Ծնած է Ֆրանսա 22 յուլիս 1799ին ապա հոգին աւանդած է առ Հայր 9 յունուար 1862ին։

Աստուծոյ նոր ծառաներ

Հրամանագիրերուն շարքին են Քոսմա Սփեսոթ եւ հայր  Մէլքիոյ Մարիա Տէ Մարիոն Պրէսիլաք, Աստուծոյ ծառաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2020, 12:19