Պոզէի վանքը Պոզէի վանքը 

Պոզէի հասարակութենէն կը հեռանան հասարակութեան հիմնադիրն ու այլ երեք անդամներ փոխադրուելով այլուր։

Երկար քննարկումէ ետք, առաքելական այցելուներու Սուրբ Աթոռին փոխանցած տեղեկագիրէն ետք, Սուրբ Աթոռը նամակով մը Պոզէյի հասարակութեան առաջարկած է յոյսի եւ ապագային նոր ուղեւորութիւնը մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 26 մայիսին, Պոզէի հասարակութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով, թէ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստրագրութիւնը կրող հրամանագիրով մը՝ վաւերացուած ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, Պոզէին Հասարակութեան հիմնադիր Տիար Էնցօ Պիանքի եւ հասարակութեան երեք անդամներ, պաշտօնազրկուելով իրենց բոլոր պաշտօններէն կը հեռանան հասարակութենէն եւ փոխադրուին այլուր։

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն որոշումը առնուած է, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին առաջարկով, առաքելական այցելուներուն Պոզէի հասարակութեան կատարած այցելութեան աւարտին, որ տեւեց շուրջ մէկ տարի,  6 դեկտեմբեր 2019էն մինչեւ  6 յունուար 2020ին։  Նշուած է Պոզէի հասարակութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Որուն մէջ աւելցուած է  նաեւ  ի տես Պոզէի հասարակութեան մէջ, անցեալին տիրած մտահոգիչ կացութեան  եւ կարգ մը այլ հարցերուն կապուած  հասարակութեան հիմնադիրին իշխանութեան եւ մատակարարութեան , ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական այցելուներ ուղարկեց քննարկելու համար    Պոզիէ հասարակութեան իրավիճակը։

Երկար քննարկումէ ետք, առաքելական այցելուներու Սուրբ Աթոռին փոխանցած տեղեկագիրէն ետք,  Սուրբ Աթոռը նամակով մը Պոզէյի  հասարակութեան առաջարկած է յոյսի եւ ապագային  նոր ուղեւորութիւնը մը ,  որուն մէջ մէջ ցուցմունք տրուած է վերանորոգումի հիմնական սկզբունքներու մասին,  Պոզէին հասարակութեան համամիութենական եւ վանական կեանքի նոր սլացք տալու ի խնդիր։ Նշուած է Պոզէի հասարակութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ”.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2020, 11:48