«Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին նուիրուած շաբաթ «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին նուիրուած շաբաթ 

«Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին նուիրուած շաբաթ «միասնաբար կառուցել աւելի լաւ աշխարհ մը։

Գովեալ ըլլաս շրջաբերականի 5-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած են առցանց տարբեր ձեռնակներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Գովեալ Ըլլաս» ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին շրջաբերականին հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, 16էն - 24  մայիսին, կը նշուի «միասնաբար կառուցել աւելի լաւ աշխարհը մը» խորագիրով շաբաթը՝  նախաձեռնութեամբ Վատիկանի Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին եւ համագործակցութեամբ կաթողիկէ բարեսիրական կարգ մը կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին Իտալական  Քարիթասը։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ աշխարհի բոլոր կաթողիկէ հաւատացեալները հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու, առցանց  կազմակերպուած գիտաժողովներուն եւ այլ ձեռնակներուն, մինչ կիրակի 24 մայիսին կը նշուի համաշխարհային աղօթքի օրը։

Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականին 5-րդ տարեդարձին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ մարտ ամսուայ մէջ լոյս տեսած պատկերասփռուած պատգամով մը հաւատացեալներուն կոչ ուղղած է  մասնակցելու եւ մտածելու հասարակաց տան ապագային մասին։

Պատգամին մէջ հարց տալով,  թէ ինչպիսի՞ աշխարհ կ՝ուզենք ձգել մեզմէ վերջ եկողներուն՝ աճող  մանուկներուն,  ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէ պատասխանել  բնապահպանութեան տագնապին, աղքատներու աղաղակներուն, որոնք այլեւս անկարող են սպասելու։  

Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականին 5-րդ տարեդարձին առիթով Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը հրապարակելով պատգամ մը նկատել կու տայ, որ շրջաբերականին ուսուցումները այժմէական են ու անոնք կը վերաբերին պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ներկայ կացութեան։ Շրջաբերականը  կ՝ընծայէ տեսութիւն մը՝ կառուցելու համար աւելի արդար եւ զօրակից աշխարհ մը։

Գովեալ ըլլաս շրջաբերականին նուիրուած շաբաթ ձեռնարկի նախաձեռնող Իտալական Քարիթասի տնօրէն ,հայր Ֆրանչէսքօ Սօտու զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ ամենուրեք հարուածող Համաճարակը ուսուցում է,  թէ  կարելի է վերականգնել, լոկ բոլորիս յանձնառութեամբ, յաղթահարելով նաեւ ընկերային անձնասիրութեան ժահրը՝  արդարութեան, եղբայրսիրութեան ,զօրակցութեան պատուաստանիւթերով։

Աւելի լաւ եւ զօրակից աշխարհ մը կառուցելու եւ ոչ ոք ետին թողելու համար, Հայր Սոտու  նատել կու տայ, որ համաճարակը կրնայ առիթ հանդիսանալ  եղբայրութեան արժէքներու արմատները զետեղելու՝  ապագային մէջ։

Նշենք, թէ Գովեալ ըլլաս շրջաբերականին շաբաթուայ առթիւ, աշխարհի տարբեր վայրերու տեղական եկեղեցիներէն ներս կազմակերպուած են առցանց ձեռնակներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2020, 09:42