Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Պետրոսի  

Ֆրանչիսկոս Պապին հոգածութիւնն ու մօտիկութիւնը հիւանդներուն ու բժիշկներուն։ Վատիկանը փակ կը մնայ մինչեւ 13 ապրիլ։

Սուրբ Շաբթուայ Քահանայապետին գլխաւորած բոլոր արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Սուրբ Պետրոսի մէջ, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Պերկամօ թեմը տեղեկացուցած է  որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, «որպէս նշան հոգածութեան ու սիրոյ», 60 հազար եւրօ նուիրաբերած է Պերկամոյի մէջ գործող Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետ անուամբ հիւանդանոցին, որ այս վերջին շաբաթներուն անդադար կը գործէ խնամելու ու փրկելու համար քովիտ19 ժահրէն վարակուած բազմաթիւ մարդոց կեանքը, տրուած ըլլալով՝ որ Պերկամօ քաղաքը կը գտնուի համաճարակի «կարմիր գօտիի» շրջանին մէջ։

Նորին Սրբութեան սոյն նուէրը՝ Պլրկամոյի հիւանդանոցին փոխանցած է նոյնինքն Պերկամոյի Թեմին Եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Պրեսքի։

Ապա՝ ուրբաթ 3 ապրիլ 2020ին, Կարդինալ Փիթըր  Ափփիա Թուրքսըն,  Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Բաժանմունքի կառավարիչը, անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հռոմի Ակոսթինօ Ճեմելլի հիւանդանոցին, բժիշկներուն եւ հիւանդներուն տանելով Սրբազան Քահանայապետին զօրակցութիւնը ու անոնց յանձնելով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ օրհնուած վարդարաններ.

«Ձեզի կը բերեմ Քահանայապետին ողջագուրումը» ըսած է Կարդինալ Թուքրսըն բժիշկներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, «Դուք միակ չէք քորոնա ժահրի դէմ ձեր պայքարին մէջ» աւելցուցած ան, ապահովեցնելով Եկեղեցւոյ աջակցութիւնն ու աղօթքները՝ համաճարակի դէմ այս դժուար պայքարի պահուն։

Համաճարակի առընչութեան յայտնենք՝ թէ Վատիկան Պետութիւնը եւս, Իտալիոյ նման, մինչեւ 13 ապրիլ 2020 երկարաձգեց ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղիով որդեգրուած բոլոր միջոցները, ներառեալ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային փակումը։

Սուրբ Շաբթուայ Քահանայապետին գլխաւորած բոլոր արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Սուրբ Պետրոսի մէջ, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2020, 08:07