Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը 

Վատիկանի մէջ կայ Քորոնա ժահրէն վարակուած 7-րդ պարագայ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը մատնանշեց թէ Վատիկան Պետութիւնը եւս դիմած է բոլոր միջոցառումներուն, ապահովելու համար անձնակազմի ու աշխատաւորներու առողջութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

 Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը՝ հինգշաբթի 2 ապրիլ 2020-ին, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ տեղեկացնելով, որ Վատիկանի մէջ կայ՝ այլ աշխատաւորի մը քորոնա ժահրէն վարակումի դէպքը

«Ան կը գտնուի ինքնամեկուսացման դրութեան մէջ, մարտ ամսուայ կէսէն ի վեր, ու վարակուած է իր կնոջ միջոցաւ որ իր կարգին վարակուած է իտալիական մէկ հիւանդանոցի մէջ ծառայութիւն մատուցելու բերումով» կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, որ ապա է կը  յստակացնէ՝ որ «Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան բոլոր պաշտօնական կառոյցները ու բաժանմունքները կը շարունակեն ապահովել միայն անհրաժեշտ եւ անյետաձգելիի գործունէութիւնները, դիմելով ու որդեգրելով ամէն տեսակ միջոցներ ու կարգադրութիւններ, որոնց մասին տեղեկութիւններ տրուած են  նախօրօք, որոնց շարքին կայ հեռակայ աշխատանքը ու հերթապահութեան չափանիշերը, երաշխաւորելու համար աշխատակազմին առողջապահութիւնը»։ գրուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 13:28