Որոնել

Սուրբ Հաղորդութեան համագումար Սուրբ Հաղորդութեան համագումար 

Յետաձգուեցաւ նաեւ 2021-ի Պուտաբեշտի Սուրբ Հաղորդութեան համագումարը։

2020ի սեպտեմբերին նախատեսուած Սուրբ Հաղորդութեան 52-րդ համագումարը յետաձգուցաւ 2021- սեպտեմբերին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասիկա վերամշակուած օրակարգերու ժամանակ է,  երբ մեծ ձեռնարկները կը յետաձգուին այն յոյսով  որ քորոնվիրուսի սպառնալիքըթուլանայ ու հազարաւոր մարդիկ իրար մօտ համախմբելը ցնորքային իրականութիւն ըլլալէ դադրի։

Այսպէսով Լիզպոնի մէջ նախատեսուած Երիտասարդներու Համաշխարհային հաւաքին եւ Հռոմի մէջ կայանալիք Ընտանիքներու հաւաքին յետաձգումէն ետք, Քահանայապետի որոշումով յետաձգուեցաւ նաեւ 2020-ի սեպտեմբերին Պուտաբեշտի մէջ կայանալիք Սուրբ Հաղորդութեան համագումարը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հանդէս գալով յայտարարութեամբ նշեց թէ ներկայիս առողջապահական իրավիճակը ու անոր ազդեցութիւնն ու հետեւանքները՝ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու տեղափոխութեան վրայ, Քահանայապետը մղեցին, համաձայնութեամբ Հունգարիոյ Եպիսկոպոսներուն  ու Քահանայապետական կոմիտէի անդմաներուն՝ 2020ի սեպտեմբերին նախատեսուած  Սուրբ Հաղորդութեան  52-րդ համագումարը յետաձգել 2021- սեպտեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2020, 12:54