aaaaaaaaaaaa.jpg

Աղօթք Վարշամակին առջեւ. «Տէր ազատէ մեզ համաճարակէն»։

Թորինօ քաղաքի Եպիսկոպոսին աղօթքը՝ Յիսուսին վարշամակը պահպանող մատրան մէջ աւագ շաբաթ օրը կայացած Սուրբ Զատկուայ նախօրեակի հսկումի ընթացքին։

“[ Ազատէ մեզ՝ մեզի հարուածող համաճարակէն, որպէսզի խաղաղութեամբ կարողանանք վերադառնալ մեր առօրեայի սովորական զբաղումներուն, ու Քեզ փառաբանենք ու գովաբանենք նորոգուած սրտով։ ] ”

 

Աստուած Ամենակարող եւ յաւիտենական

որմէ համայն տիեզերքը կ՛ընդունի՝ ուժ, գոյութիւն ու կեանք,

մենք քեզի կու գանք հայցելու ողորմութիւնդ՝

որովհետեւ այսօր կը փորձարկենք մեր մարդկային պայմանի դիւրաբեկութիւնը,

այս վիրուսային համաճարակի փորձառութեան մէջ։

Մենք կը հաւատանք որ Դուն ես՝ որ կ՛առաջնորդես մարդուն պատմութիւնը

ու թէ Քու սէրդ կարող է դէպի լաւ փսխելու մեր ճակատագիրը,

ինչ որ ալ ըլլայ մեր մարդկային պայմանը։

Ասոր համար Քեզի կը յանձնենք հիւանդներն ու անոնց ընտանիքները,

Քու Որդւոյդ Զատկուայ խորհուրդին միջոցաւ՝ անոնց պարգեւէ փրկութիւն եւ սփոփանք։

Քու սիրոյդ, որ երբեք չի լքեր,

կը վստահինք այս օրերուն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ մահացածները։

Օգնէ ընկերութեան իւրաքանչիւր անդամին՝ լաւապէս կատարելու իր պարտականութիւնը,

ամրապնդելով փոխադարձ զօրակցութեան հոգին։

Թիկունք կանգնիր բժիշկներուն ու առողջապահական մարզի գործիչներուն,

դաստիարակներուն եւ ընկերային մարզի մէջ գործողներուն, իրենց մատուցած ծառայութեան մէջ։

Դուն որ մխիթարութիւն ես յոգնութեան մէջ եւ աջակցութիւն տկարութեան մէջ,

բարեխօսութեամբն Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ու բժիշկ եւ բուժող սուրբերուն,

մեզմէ հեռացուր բոլոր չարիքները։

Ազատէ մեզ՝ մեզի հարուածող համաճարակէն,

որպէսզի կարողանանք  խաղաղութեամբ վերադառնալ մեր առօրեայի սովորական զբաղումներուն,

ու Քեզ փառաբանենք ու գովաբանենք նորոգուած սրտով։

Քեզի կը վստահինք ու Քեզի կը բարձրացնենք մեր աղերսը

Ի Քրիստոս Յիսուս՝ մեր Տէրը։

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2020, 17:35