Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած Աւագ շաբաթ օրուայ հսկումի աղօթքը մէկ վայրկեանով։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուեցան երեք թուիթներ որոնց պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան Քարոզէն։

Աւագ շաբաթ գիշեր՝ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած  հսկումի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուեցան երեք թուիթներ, որոնց պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան քարոզէն։

Առաջին թուիթին մէջ Սրբազան Պապը կը գրէ.

«Այս գիշեր նուաճենք հիմնական իրաւունք մը՝ յոյսի իրաւունքը։ Նոր յոյս մը, կենդանի, որ կու գայ Աստուծմէ։ Լոկ լաւատեսութիւն  մը չէ ան, Երկինքէն պարգեւ է, զոր առանձին չէինք կրնար ձեռք բերել»։

 Երկրորդ թութին մէջ ան հրաւէր կ՛ողղէ.

«Կասեցնենք մահուան ճիչերը, բաւ է պատերազմ։ Թող դադրի զէնքերու արտադրումը, որովհետեւ մենք պէտք ունինք հացի եւ ոչ թէ զէնքերու։ Թող դադրին վիժումները՝ որոնք անմեղ կեանքեր կը սպանեն։ Թող բացուին սրտերն անոնց՝ որոնք  ունեւոր են, որպէսզի լեցնեն դատարկ ձեռքերն անոնց՝ որոնց կը պակսի հիմնականը»։

Ու երրորդ թուիթին մէջ ան Յիսուսին խօսքերը կրկնելով կոչ կ՛ուղղէ.

«Մի վախնաք. Մի վրդովիք», ահա յոյսի աւետիսը։ Մեզի համար է անիկա։ Բառերն են զոր Աստուած մեզի կը կրկնէ խաւարին մէջ՝ որուն մէջ կ՛ընթանանք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2020, 07:07