Արհեստական շնչառութեան գործիքներու յանձնումը։ Արհեստական շնչառութեան գործիքներու յանձնումը։  

Ֆրանչիսկոս Պապին անուանակոչութեան տօնին օրը արհեստական շնչառութեան գործիքներ նուիրուեցան երեք երկիրներու հիւանդանոցներուն։

Ռումանիոյ Սուչէավա հիւանդանոցին նուիրուեցան 5 արհեստական շնչառութեան գործիքներ, Իտալիոյ Լեչչէ Քաղաքին 2 գործիք եւ Սպանիայի Մատրիտ քաղաքի հիւանդանոցին 3 գործիք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գէորգ Զօրավարի տօնը, որ է նաեւ  Ֆրանչիսկոս Պապին անուանակոչութեան օրը։ Սուրբ Գէորգ նահատակուած է 303 թուականին, Դիոկղետիանոս կայսրի  քրիստոնեաներուն դէմ յարուցած  հալածանքներուն ընթացքին։ Աւանդութեան համաձայն Ան կոյս մը ազատած է վիշապ մը սպաննելով, եւ ասոր համար կ՛ընդունուի որպէս վիշապասպան սուրբ որ յաղթեց չարին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապի անուանակոչութեան տօնին օրը Քահանայապետական ողորմաբաշխը Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի հաղորդեց թէ՝ Քորոնավիրուսի տագնապին ի տես Ռումանիայի, Սպանիայի եւ Իտալիոյ մի քանի հիւանդանոցներուն որպէս նուէր յանձնուած են արհեստական շնչառութեան գործիքներ ու բժշկական այլ պիտոյքներ ու սարքաւորումներ։ Երեք երկիրներ որոնք մեծ դժուարութեամբ  կը դիմագրաւեն տագնապը։

Ռումանիոյ Սուչէավա հիւանդանոցին նուիրուեցան 5 արհեստական շնչառութեան գործիքներ, Իտալիոյ Լեչչէ Քաղաքին 2 գործիք եւ Սպանիայի Մատրիտ քաղաքի հիւանդանոցին 3 գործիք։

«Ասիկա գեղեցիկ նշան է որ կը զուգադիպի Քահանայապետի անուան տօնի օրը ուր Ան՝ փոխանակ նուէրներ ստանալու, նուէր կը պարգեւէ ուրիշներուն» ըսաւ այս առթիւ Կարդինալ Քրայեւսքի այս արարքը նկատելով նաեւ «Քահանայապետի ողջագուրումը աշխարհը յուզող այս դժուար պահին ընթացքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2020, 11:14