«Համաճարակ եւ եղբայրութիւն. Մարդկային կապերու ամրութիւնը կը վերաբանայ ապագան» «Համաճարակ եւ եղբայրութիւն. Մարդկային կապերու ամրութիւնը կը վերաբանայ ապագան»  

Գերապայծառ Փալիա. Համաճարակէն ետք միակ կարելի ապագան եղբայրութիւնն է։

Հրապարակուած է Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի նախագահ՝ Արքեպիսկոպոս Վինչենցօ Փաիայի «Համաճարակ եւ եղբայրութիւն. Մարդկային կապերու ամրութիւնը կը վերաբանայ ապագան» խորագիրով առցանց գիրքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համաճարակը մեզի ցոյց տուաւ մեր անհատական դիւրաբեկութիւնը։ Ընկերութիւնը եւս իր կառոյցներով, զոր ստեղծեցինք մեր կեանքը ու անոր առանձնաշնորհումները պաշտպանելու համար, յայտնուեցաւ դիւրաբեկ։  Ապագային նայելով միակ կարելի պատասխանը՝ զօրակցութեան եւ եղբայրութեան վրայ կերտուած պատասխանն է, ոչ որպէս քրիստոնէական արժէքներ, այլ որպէս հիմք՝ որուն վրայ կը հենու մարդկութեան գոյատեւումը»։ Այս է Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի նախագահ՝ Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիային գաղախարը որ պարունակուած է «Համաճարակ եւ եղբայրութիւն. Մարդկային կապերու ամրութիւնը կը վերաբանայ ապագան» խորագիրով հրապարակուած առցանց գիրքին մէջ, որուն միջոցաւ ան կը փափաքի մշակութային ու բարոյական բանավէճ մը առաջարկել՝  յետ համաճարակի իրականութեան ու վերսկսելու չափանիշներու մասին։

«Կեդրոնական նիւթերն են՝ եղբայրութեան համաշխարհայնացումը եւ զօրակցութեան հակավիրուսի տարածումը» ինչպէս կը բացատրէ գերապայծառ Փալիա Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։

«Երբ անցեալ 27 Մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի յիշեցուց որ յառաջ կ՛ընթանանք լոյսի արագութեամբ, կարծելով թէ առողջ մարդիկ ենք, հիւանդ աշխարհի մը մէջ, Ան մեզի յիշեցնել տուաւ թէ իրականութեան մէջ մենք առողջ չենք։ Մեր մէջ կայ վիրուս մը, քոորոնավիրուսէն ալ առաջ, զոր ես կը կոչեմ անհատականութեան վիրուս, հետեւաբար առանձնութիւնը, որ արդեն մեծապէս տկարացուցած է մեր ընկերութիւնը» ըսաւ գերապայծառ Փալիա բացատրելով՝ թէ «խորքին մէջ քորոնավիրուսը ի յայտ դրաւ, իւրաքանչիւրիս բնութեան մաս կազմող դիւրաբեկութիւնը, զոր մենք կը մերժենք տեսնել եւ ոչ ալ կ՛ուզենք նկատի առնել»։

«Քորոնավիրուսը մասնիկ մըն է, մակաբոյծ մը որ մէկ ակնթարթի մէջ ծունկի բերաւ բոլորս եւ ամէն, մեզի ցոյց տալով՝ թէ եթէ մեր դիւրաբեկութիւնը չընդունինք, վերջ ի վերջոյ կը կրենք անոր հետեւանքները» դիտել տուաւ Կեանքի ակադեմիայի նախագահը հաստատելով՝ որ «այս համաճարակը մեզի ցոյց կու տայ մեր իրականութիւնը։ Եւ ասկէ է որ կը բխի օգնութիւն հայցելու կարիքը, կարիքը իրարու թիկունք կանգնելու, վերջ տալով անհատականութեան եւ գերիշխանութեան»։

«Երբ մենք դիտենք մեր կեանքը, մեր աշխարհը ու մեր առօրեայի կեանքին իմաստը պէտք է նկատի ունենալ թէ կապուած ենք մէկը միւսին։ Ամէն մեր մէկ արարքը միայն մերը չէ այլ մշտապէս կը պատկանի նաեւ ուրիշին, ըլլայ բարիի, ըլլայ չարին մէջ։

Ահա թէ ինչու երբ  ընտրանքները նկատի չեն առներ հասարակաց բարիքը կամ աւելի հարմար է ըսել եղբայրութեան տիեզերական տեսութիւնը, վտանգը կայ որ անոնք  միայն վնաս յառաջացնեն» յարեց գերապայծառ Փալիա հաստատելով որ՝ «Եղբայրութիւնը բառ մըն է որ պէտք է ներգրաւուած  ըլլայ մեր բոլոր ընտրանքներուն մէջ» ու միակ միջոցն է նայելու ապագային ու անոր կառուցման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2020, 07:40