''ՎԵՍԱՔ''ի տօն ''ՎԵՍԱՔ''ի տօն 

Պուտտիստներ եւ Քրիստոնեաներ. Միասին կառուցենք կարեկցութեան եւ եղբայրութեան մշակոյթ մը։

Քահանայապետական Միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի 2020-ի ''ՎԵՍԱՔ''ի տօնին պատգամը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պուտտայականներու«Vesakh»` Լոյսի տօնին առթիւ, Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը, այս տարի եւս՝ 25-րդ տարին ըլլալով, պուտտիստներուն յղեց բարեմաղթական պատգամ մը, շնորհաւորելով անոնց տօնը՝ որ կը յիշատակէ ''Gautama Buddha''-ի կեանքի երեք կարեւոր հանգրուանները. ծնունդը, լուսաւորութիւնն ու մահը։

«Այս տարի կ՛ուզենք խորհրդածել Պուտտայականներ եւ Քրիստոնեաներ՝ միասին կառուցենք կարեկցութեան եւ եղբայրութեան մշակոյթ մը» նիւթին շուրջ, գրուած է վերոնշեալ շնորհաւորագիրին մէջ, որ կր կրէ Խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Միկել Անկել Աեուզօ Կիքսոյի եւ Խորհուրդի քարտուղար՝ Գերապայծառ Քոտիթուաքքօ Ինտունիլի ստորագրութիւնները,  ուր ընդգծուած է այն բարձր արժէքը՝ որ երկու կրօնական աւանդութիւնները կը վերապահեն, եղբայրութեան, կարեկցութեան, հոգեւոր փնտռտուքին, վիրաւոր մարդկութեան ու երկրին ներկայացուած վկայութեան ու ծառայութեան»։

«Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը ի նպաստ աշխարհի խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան» կը յայտարարէ՝ որ «կրօններու իսկական ուսուցումները, կը սորվեցնեն կառչած մնալ խաղաղութեան արժէքներուն, ու նաեւ աջակցիլ իրար ճանաչողութեան, մարդկային եղբայրութեան եւ միասնական համակեցութեան արժէքներուն», գրուած է միշտ վերոնշեալ պատգամին մէջ, ուր ապա կ՛ակնարկուի անցեալ տարուայ նոյեմբերին, Թայլընտի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պուտտիսթներու  Աւագ Պատրիարքի միջեւ կայացած հանդիպումին ու այդ առթիւ Քահանայապետին արտասանած բարեկամական խօսքին, որուն մէջ Ան ընդգծած էր կարեկցութեան, եղբայրութեան, ու հանդիպումի մշակոյթ կերտելու ու անոր սատարելու հարկաւորութիւնը։

Պատգամին մէջ հուսկ կը մատնանշուի Սիտհարթա իշխանին ու Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին՝ որոնք ամէն մին իր ուղիով, գիտցաւ անջատուիլ իր ունեցածէն եւ Յիսուսի նման նուաստանալ, կեանքը նուիրելով ուրիշներու ծառայութեան։

«Անոնց օրինակով կարելի է աւելի մեծ ազատութեամբ նուիրուիլ ու խթանել կարեկցութեան եւ եղբայրութեան մշակոյթին՝ սփոփելու համար մարդկութեան եւ բնութեան ցաւերը» գրուած է  Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նամակին մէջ, ուր հրաւէր ուղղուած է նաեւ իրար օգնելու եւ երաշխաւորելու տիեզերական զօրակցութեան շարունակականութիւնը, որուն ուղղութեամբ, յառաջիկայ 15 հոկտեմբեր 2020 ին, նախատեսուած է համընդհանուր նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն է վերատեսել կրթական համակարգը,  զայն դարձնելով աւելի բաց ու ներառող կրթութիւն, որ կարող ըլլայ համբերատար ունկնդրութեան, կառուցողական երկխօսութեան ու իրար հասկացումի։

Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդը՝ նամակի աւարտին կոչ կ՛ուղղէ  Պուտտայականներուն միասին համագործակցելու՝ տարածելու եւ խթանելու համար վերոնշեալ ծրագիրը, հուսկ աղօթքներ կը վստահեցնէ  բոլոր անոնց համար, որոնք քորոնաաժահրի համաճարակին թիրախ են ու անոնց՝ որոնք խնամք կը տանին հիւանդներուն,  քաջալերելով բոլոր հաւատացեալները, այս դժուար պահը ապրելու յոյսով, կարեկցութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 12:17