Տարեցի մը եւ երիտասարդ անիձ մը ձեռքերը։ Տարեցի մը եւ երիտասարդ անիձ մը ձեռքերը։ 

Աշխարականներու, կեանքի եւ ընտանիքի ի սպաս քահանայապետական ժողովին պատգամը տարեցներուն։

Քորոնա Ժահրը ամենէն շատ տարեցները կը սպանէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Համաճարակի ճգնաժամային այս օրերուն, երեքշաբթի, 7 ապրիլին, աշխարականներու, կեանքի եւ ընտանիքի ի սպաս քահանայապետական ժողովը  պատգամով մը իր զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը ցուցաբերեց տարեցներուն, փոխանցելով անոնց  եկեղեցւոյ մայրական քնքշութիւնը եւ յիշելով ֆրանչիսկոս Պապին  խօսքը , «բոլորս  կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն մէջ՝  ուր կան նաեւ տարեցներ, որոնք դիւրաբեկ եւ  ապակողմնորոշուած են։

Քահանայապետական վերոնշեալ ժողովը պատգամին մէջ նշեց թէ մենակութիւնը հիւանդութիւն նկատուելով հանդերձ, կարելի է զայն յաղթահարել ու ամոքել՝ եղբայրասիրութեան, մօտիկութեան եւ հոգեւոր մխիթարութեան  ժեսթերով,  դիտել տալով որ այս  ուղղութեամբ եկեղեցին  բազմաթիւ ծրագիրներ ձեռնարկած է  տարեցներու ի նպաստ։

«Բնակարաններ այցելելու սահմանափակումները մեզ մղեցին ստեղծագործական եւ ներկայութեան նոր ձեւեր գտնելու. պատկերասփռուած պատգամներ սփռել,  հեռաձայնային կապեր հաստատել, նամակներ գրել անոնց որոնք մենակ են։

Համաճարակի այս օրերուն Ժողովրդապետութիւնները կը շարունակեն կերակուր եւ դեղորայք բաժնել , անոնց որոնք կարողութիւնը չունին իրենց տուներէն դուր գալու։  Յաճախ եւ ամենուրեք քահանաները կը շարունակեն տուներ այցելել սուրբ խորհուրդները մատակարարելու համար։ Կամաւորները, մասնաւորապէս երիտասարդները վեհանձնութեամբ  յանձնառու են զօրակցութեան ցանցեր հիւսելու »  նշուած է  աշխարականներու, կեանքի եւ ընտանիքի քահանայապետական ժողովի տարեցներուն ուղղուած պատգամին մէջ ։

Քահանայապետական ժողովը ապա քաջալերած  է հաւատացեալները, տեղական եկեղեցիները, բան մը կատարելու տարեցներուն համար։   Հրաւիրած է աղօթելու տարեցներուն համար, անոնց մենակութեան հիւանդութեան ամոքումի համար, գործօն դարձնելով զօրակցութեան ցանցերը։

Բոլորս ընդհանուր պատասխանատուութիւն ունինք  համաճարակի թիրախ այդ սերունդին հանդէպ,   պատասխանատուութիւն, որ կը ծնի իւրաքանչիւր մարդէ էակի կեանքի հանդէպ անգին արժէքի գիտակցութենէն,   ինչպէս նաեւ մեր հայրերու ,մեծ  հայրերու  մայրիկներու հանդէպ երախտագիտութենէն։ 

Համաճարակի փոթորիկէն տարեցները փրկելու համար հարկ է նոր ուժեր տրամադրել։ Տարեցները պէտք չէ ,որ մինակ ձգուին որովհետեւ քորոնա ժահրը ամենէն  շատ տարեցները կը սպանէ ։ 

Տագնապալի այս օրերուն կանչուած ենք ապագան տեսնելու։ Բազմաթիւ զաւակներու, թոռնիկներուն, ինչպէս նաեւ հիւանդապահներուն եւ կամաւորներու հոգածութեան մէջ,  կը վերապրի այն կիներու կարեկցութիւնը,  որոնք  գերեզման գացին Յիսուսի մարմինը խնամելու համար։ Անոնց նման մենք  եւս վախի մատնուած ենք , եւ քաջ  գիտենք,  որ չենք կրնար ապրիլ առանց Տիրոջ մեզի ուսուցած կարեկցութեան։ Նշուած է պատգամին մէջ։

Կեանքի, ընտանիքի ի սպաս քահանայապետական ժողովը տարեցներու ուղղուած պատգամը աւարտած է հրաւիրելով որ ամէնքս միանանք եւ աղօթենք աշխարհի բոլոր մեծ հայրիկներու եւ մայրիկներուն համար։ «Սիրտով, մտքով միանանք  ուր որ հնարաւորութեան կայ եւ գործի լծուինք , որպէսզի անոնք մինակ չմնան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2020, 14:22