Քարիթասի գործունէութիւնը Քարիթասի գործունէութիւնը 

Մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան ժողովի կառավարիչին հարցազրոյցը՝ համաճարակի տագնապի մասին։

Ժամանկն է անմիջապէս մտածելու յետ համաճարակի տագնապի հարցերուն. պէտք չէ որ անպատրաստ գտնուինք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան ժողովի նախագահ, Կարդինալ Փիթեր Քոտվօ Ափիա Թուրքսոն, Վատիկանի Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ յետ համաճարակի տագնապի հարցերուն ու անոնց լուծման համար եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած զօրակցական ծրագիրներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը յայտնեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապ շատ մը հանդիպումներու ընթացին իր մտահոգութիւնը յայտնած է նախ ներկայ ժամակներուն գծով ապա համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած  համաշխարհային տնտեսական տագնապին ու անոր ապագայի վրայ ունենալիք հետեւանքներուն ուղղութեամբ։ 

Առ այդ ֆրանչիսկոս Պապը՝  մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան ժոողվէն  խնդրած է, որ ժամանակ չկորսնցնեն եւ աշխատանքի լծուին։

Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան ժողովին յանձնած  է երկու պարտականութիւններ, առաջինը կը հայի ներկայ ժամանակուան եւ այդ կը կայանայ  եկեղեցւոյ եւ քահանայապետին շօշափելի հոգատարութիւնը ցոյց տալու մէջ, տեղական եկեղեցիներուն զօրակցութեան միջոցաւ, մարդկային կեանքերը փրկելու եւ աղքատներուն օգնելու համար։ 

Իսկ երկրորդ պարտականութիւնն է՝  մտածել ապագային  եւ գալիք փոփոխութիւններուն մասին, որովհետեւ, ըսաւ կարդինալ Թուրքսոն, Ֆրանչիսկոս Պապ համոզուած է, որ կը գտնուինք  պատմական փոփոխութեան մը դիմաց եւ  Ան մտահոգ է համաճարակի պատճառով  ստեղծուած տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն ի տես։

Ընդառաջելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքներուն, Կարդինալ Թուրքսոն  անդրադարձաւ համաճարակի հետեւանքները դիմագրաւելու համար մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան ժողովի  ձեռնարկած ծրագիրներուն։ 

Ան նշեց, թէ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը,  որ կը բաղկանայ հինգ աշխատանքային խումբերէ եւ արդեն գործի լծուած  են, գործակցելով Վատիկանեան տարբեր ժողովներուն հետ։

Յանձնախումբը կազմուած է հին աշխատանքային խումբերէ։

Առաջին խումբը արդէն գործի լծուած է եւ աշխատանք կը տանի տագնապին համար։ Այս խումբը կը գործակցի Միջազգային Քարիթասի հետ, կ՝անսայ տեղական եկեղեցիներուն խնդրանքներուն, սահմանելու համար անոնց իսկական կարիքները, կը գործակցի նաեւ Պապական նուիրակներուն  եւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն հետ, խնդրելով անոնցմէ, որ փոխանցեն իրենց առաջնակարգ առողջապահական կարիքները։

Երկրորդ խումբին պարտականութիւնն է հետեւիլ գիտնականներուն ու անոնց աշխատանքին անսալով անոնց ձայնին։  Այս խումբը սերտ գործակցութեան  մէջ է քահանայապետական կեանքի ի նպաստ ժողովի եւ քահանայապետական գիտական եւ ընկերային գիտական կաճարներուն հետ։ 

Երրորդ խումբին պարտականութիւնն է հաղորդել մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան  ժողովի աշխատանքները։ Ժողովի պաշտօնական կայքին վրայ յատկացուած է յատուկ  բաժանմունք մը հաղորդելու համար այդ լուրերը։ 

Չորրորդ խումբը համակարգուած է Պետական Քարտուղարութեան կողմէ։ Այս խումբը կը  զբաղի այն բոլոր ծրագիրներով, որոնք կը հային պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքին։ 

Հինգերորդ խումբին պարտականութիւնն է  հայթայթել անհրաժեշտ նիւթական նպաստներ։  

Կարդինալ Թուրքսոն հարցազրոյցի աւարտին նշեց, թէ անհրաժեշտ է անմիջապէս մտածել յետ համաճարակի տագնապին եւ պէտք է որ անպատրաստ չգտնուիլ, որովհետեւ տնտեսական տագնապէն կրնայ յառաջանալ նաեւ ընկերային տագնապ։ Ան ընդգծեց, թէ կարիքը կայ քաջութեան, մարգարէութեան, ինչպէս  Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է Հռոմ քաղաքի եւ Համայն աշխարհի ուղղած իր պատգամին մէջ։  

Կարդինալ Թուրքսոն նկատել տուաւ, որ համայն աշխարհը միացած է դիմագրաւելու համար համաճարակի տագնապը մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն. սա անտարբերութեան, եսասիրութեան եւ բաժանումի ժամանակը չէ։

Տագնապը բացայայտեց մարդուն  դիւրաբեկութիւնը։ Մոլորակի մէջ բնակիլը,  շատ աւելի բաներ կը պահանջէ, կը պահանջէ  զօրակցութիւն արարչագործութեան բարիքները ստանալու մէջ, որպէս հասարակաց բարիք, եւ զօրակցութիւն կիսելու մէջ  որոնումի աշխատանքներու պտուղները՝ մեր հասարակաց տունը աւելի առողջ եւ բնակելի դարձնելու համար։

Ասոր մէջն է, որ մարդը Աստուած կը բացայայտէ, որ մարդուն յայտնած է  այդ զօրակցութեան կոչումը։ ըսաւ Կարդինալ Թուրքսոն հարցազրոյցին մէջ Վատիկան Նիւզի հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 14:00