Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Քովիտ19 ժահրին ի տես Արեւելեան եկեղեցիներուն ի նպաստ շտապ օգնութեան հիմնադրամ։

«Շարունակենք աղօթել որպէսզի Հայր Աստուած մեզ ազատէ մարդկութիւնը յուզող չարիքներէն ու շարունակուին եղբայրական սիրոյ ու գործնական զօրակցութեան արարքները»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիտ19 ժահրի համաճարակը չխնայեց եւ ոչ մէկը, արեւմուտքէն արեւելք՝ մարդկութիւնը ամէնուրեք թիրախ է այս ախտի սպառնալիքին։ Ի տես աշխարհը յուզող տագնապալից իրավիճակին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը շտապ օգնութեան հիմնադրամ մը ստեղծած է, ի նպաստ Արեւելիքի Եկեղեցիներուն, հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին՝ «մինակ չի թողելու տառապողները»։

Եկեղեցական բարեսիրական զանազան հաստատութիւններու համագործակցութեամբ, ինչպէս են CNEWA (Catholic Near East Welfare Association) – PMP (Pontifical Mission for Palestine), եւ ROACO-ի անդամ կազմակերպութիւնները, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը 10  թոքային շնչառութեան գործիքներ նուիրած է Սուրիոյ հիւանդանոցներուն ու երեք այլ գործիքներ եւ բժշկական սարքաւորումներ Սուրբ Երկրի հիւանդանոցներուն։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը կը հաստատէ՝ թէ կ՛ուսումնասիրուին օգնութեան այլ դիմումնագրեր ու թէ հակառակ տնտեսութեան անկայուն իրավիճակին ան պիտի շարունակէ ապահովել կաթողիկէ դպրոցներուն եւ համալսարաններուն վերապահուած օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ ապաստան գտած տեղահաններուն նպաստը։

«Շարունակենք աղօթել՝ որպէսզի Հայր Աստուած մեզ ազատէ մարդկութիւնը յուզող չարիքներէն ու շարունակուին եղբայրական սիրոյ ու գործնական զօրակցութեան արարքները» նշուած է այս առթիւ Արեւելեան Երեկեցնելու Ժողովին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2020, 20:50