Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ պատարագ  Խմբագրական

Սանթա Մարթան, էականը եւ Յիսուս, որ կը յաղթահարէ վախը. Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականը։

Այսօր եւս կարծես Յիսուս ձեւը գտած է յիշեցնելու՝ որ այս օրերուն, երբ հեռու ենք պատարագներէն եւ Սուրբ Հաղորդութենէն, պէտք չէ մոռնանք կարեւոր բաները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի, երկուշաբթի 20 ապրիլ 2020-ին հրապարակած իր խմբագրականը  նուիրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, համաճարակի բերումով ստեղծուած կացութեան ի տես, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ուղիղ եթերով մատուցած պատարագներուն, որոնք ամէն օր կ՛աւարտին Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութեամբ։

«Մարթան Ղազարոսի եւ Մարիամի քոյրն էր» կը գրէ Անտրէա Թորնիելլի։ «Բեթանիայէն ընտանիք մը՝ զոր Յիսուս կը սիրեր յաճախ այցելել։ Ղուկաս աւետարանիչը կը պատմէ՝ թէ օր մը, երբ Մարթան զբաղած էր տնային աշխատանքներով ծառայելու համար Յիսուսին, Մարիամը Անոր մօտ նստած մտիկ կ՛ընէր Անոր։  Մարթան կը բողոքէ ըսելով. «Տէր հոգդ չէ որ քոյրս ինծի մինակ թողուց  ծառայութեան մէջ»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Մարթա, Մարթա դուն մտահոգուած ես շատ բաներով սակայն մէկ է էականը»։

Այսօր եւս կարծես Յիսուս ձեւը գտած է յիշեցնելու՝ որ այս օրերուն, երբ  հեռու ենք պատարագներէն եւ Սուրբ Հաղորդութենէն, պէտք չէ մոռնանք կարեւոր բաները։  Եւ Քահանայապետը այսպէսով է՝ որ ամէն օր կը մտնէ մեր տուները, Սանթա Մարթայի բնակարանէն, մեզի յիշեցնելու՝ որ բոլորս ալ Մարթաներ ենք ու պատարագի աւարտին Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւնը առիթ է մեր հայեացքը ուղղելու էականին՝ Յիսուսին, կամ աւելի շիտակ պիտի ըլլար, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը, թոլլ տալու որ Ան մեզի նայի։

Բայց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրը, զոր կառուցուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով՝ 90ական թուականներուն, նուիրուած չէ Մարիամի քրոջ՝ Սրբուհիի Մարթային, այլ Սուրբ Հոգւոյն ու այս մէկը մեզ կը տանի Յովհաննէսի աւետարանին որ ընթերցուեցաւ կիրակի օրը. « Մէկշաբթի իրիկուն, աշակերտներուն հաւաքուած տեղին դռները գոց էին՝ քանի որ կը վախնային Հրեաներէն: Յիսուս եկաւ, կայնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի»:Ասիկա ըսելով՝ ցուցուց անոնց իր ձեռքերն ու կողը. աշակերտներն ալ ուրախացան՝ երբ տեսան Տէրը:  Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի. ինչպէս Հայրը ղրկեց զիս, ես ալ կը ղրկեմ ձեզ»:  Ասիկա ըսելով՝ փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ անոնց. «Ընդունեցէ՛ք Սուրբ Հոգին:

Աշակերտները վախցած էին ու փակուած վերնատան մէջ։ Մենք ալ այսօր կ՛ապրինք վախի զգացում։  Վախ ունինք վարակումէն ու փակ ենք մեր տուներուն եւ սրտերուն մէջ։ Վախն է յաղթականը։  Ան կը յայտնուի մեր տուներուն մէջ որ առտնին  եկեղեցիներ են ու մեզի կը յիշեցնէ թէ ճիշդ այդ մեր տուները՝ առաջին վայրերն են, ուր կը վկայուի եւ կը փոխանցուի հաւատքը, եւ այս կարելի է միայն երբ գիտնանք նայիլ Անոր, եւ թոյլ տալ որ Ան  մեզի նայի։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2020, 14:30