Ապաշխարութիւն Ապաշխարութիւն 

«Ապաշխարութիւն» Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր թիւ 4։

Համաճարակը կը ներկայացնէ կոչ մը հոգեւոր դարձի, քրիստոնեաներուն ու նաեւ բոլոր մարդոց համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ, Ռատիովատիկանի նախկին տնօրէն՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, իր շաբաթական երկու անգամ հրապարակուած  «ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիրի» չորրորդ յօդուածը նուիրեց  «ապաշխարութեան»

«Մեզմէ շատեր կեանքի ընթացքին  առ նուազն մէկ անգամ փորձառութիւնը ունեցան ծանր հիւանդութեան մը, կամ ապրեցան հիւանդ ըլլալու վախը» կը գրէ Հայր Լոմպարտի նշելով՝ թէ «այդ իրավիճակին մէջ մենք անկասկած ապրեցանք պահ մը՝ որ մեզ նշանաւորեց հոգեպէս եւ սովորաբար դրական կերպով»։

«Մենք այդ պահուն հասկցանք, որ ծրագիրներն ու իրերը, որոնք մեզի համար շատ կարեւոր կը թուէին, ի վերջոյ յարաբերական ու անցողական են։ Մենք յատկապէս գիտակից դարձանք թէ որքան դիւրաբեկ ենք։ Մենք մեզ զգացինք փոքր՝  աշխարհին դիմաց ու նաեւ Աստուծոյ Խորհուրդին դիմաց։ Անդրադարձանք թէ մեր ճակատագիրը միայն մասամբ մեր ձեռքերուն մէջ է, նոյնիսկ եթէ բժշկութիւնն ու գիտութիւնը սքանչելի բաներ կ՛ընեն։ Մենք դարձանք հեզ։ Նոյնիսկ աւելիով աղօթեցինք, դարձանք զգայուն եւ ուշադիր ուրիշներու նկատմամբ յարաբերութեան մէջ եւ սկսանք արժեւորել անոնց մեր նկատմամբ ուշադրութիւնը ինչպէս նաեւ մարդկային եւ հոգևոր մօտիկութիւնը»։

«Սակայն կամաց կամաց երբ սկսանք մեր ուժերը  հաւաքել ու տագնապը փարատեցաւ, մեր այս վարուելակերպն ալ կամաց կամաց փոխուեցաւ ու վերադարձանք մեր առաջուայ սովորութիւններուն. Մենք մեր վրայ վստահած, մտահոգուած յատկապէս մեր ծրագիրներով ու անմիջական յաջողութիւնով … աղօթքն ալ դարձեալ իր տեղը գրաւեց մեր կեանքի լուսանցքին մէջ»։

Պէտք է ընդունիլ որ հիւանդութեան մէջ մենք աւելի լաւ էակներ դարձած էինք եւ հազիւ ուժերննիս հաւաքած սկսանք արագօրէն զԱստուած մոռնալ։

Համաճարակը տարածուած ու բաժնեկցուած հիւանդութիւն է։ Միասնական փորձառութիւն մըն է, որ հարցադրանքի տակ կը դնէ մեր կեանքի տարբեր  երեւոյթները։

«Այս մէկը արդեօ՞ք միայն չարիք է, թէ նաեւ հնարաւորութիւն» հարց կու տայ Հայր Լոմպարտի, ակնարկելով Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան եւ «ապաշխարեցէք» բառին, որ քառասնորդաց շրջանին յաճախ հնչեց եւ կրկնուեցաւ, Աստուծոյ ժողովուրդը հրաւիրելով դարձի՝ դէպի Աստուած։

Մենք աշխարհին դժբախտութիւնները պէտք չէ դիտենք որպէս Աստուծոյ կողմանէ պատիժ մը ու պէտք չէ ոչ իսկ միամիտ ըլլալ ու չի նշմարել թէ մարդկային պատասխանատուութիւնը ի սկզբանէ միահիւսուած է  մեղքի հետեւանքներուն։ 

«Ուշ կամ կանուխ համաճարակը պիտի անցնի։ Սուղ պիտի վճարենք անոր գինը, սակայն պիտի անցնի։ Բոլորս կ՛ուզենք որ ան արագօրէն վերջ գտնէ։ Կ՛ուզենք վերսկսիլ։ Արդար է այս մէկը։

Զօրակցութիւնը ապա մեզ կը մղէ յուսալու որ աւելի դիւրաբեկ մարդիկը զերծ մնան այլ տառապանքներէ։ Յոյսը մեզ կը մղէ նայելու դէպի առաջ եւ պէտք է որ սէրը դառնայ գործնական» կը հաստատէ հուսկ Հայր Լոմպարտին, հարց տալով եթէ մենք, ի տես ապրուած փորձառութեան, դարձի եկած ենք  կամ՝ թէ անմիջապէս պիտի վերադառնանք առաջուայ ճանապարհին։

Այս ուղղութեամբ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին կ՛առաջարկէ «Գովելա ըլլաս» շրջաբերականին ընթերցումը ապա կը նշէ՝ թէ  «Մարդկութեան ապագային առջեւ կայացած մեծ հարցումներուն պատասխաններ տալու համար, պէտք է նախ եւ առաջ մենք մեզ ճանչնաք արարածներ, եւ ընդունիլ որ աշխարհը մերը չէ, այլ պարգեւ է, ու թէ չենք կրնար մտածել թէ կարելի է զայն շահագործել, որովհետեւ այդպէսով մենք զայն կը կործանենք ու մենք ալ կը կործանուինք անոր հետ։

Կը փափաքինք  արագօրէն վերսկսիլ։ Կը մտածենք թէ դասեր քաղեցինք ու շատ բաներ սորվեցանք այս համաճարակէն։ Բայց բոլորը կը մնան արուեստագիտական պատասխաններ։ Որովհետեւ համաճարակը կոչ մըն է նաեւ հոգեւոր ապաշխարութեան։ Կոչ՝ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ու նաեւ բոլոր մարդոց, որոնք էակներ են Աստուծոյ պատկերին համաձայն, նոյնիսկ եթէ շատ անգամ չեն յիշեր այս մէկը։

«Աւելի լաւ կեանք մը մեր հասարակաց տան մէջ, միւս արարածներուն հետ, ուրիշներու եւ Աստուծոյ հետ  խաղաղութեամբ, իմաստով լի կեանք մը, ապաշխարութիւնը կը պահանջէ» կը հաստատէ Յիսուսեան Վարդապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2020, 14:30