Որոնել

«Հոգեւոր Հաղորդութիւնը» «Հոգեւոր Հաղորդութիւնը» 

«Հոգեւոր Հաղորդութիւնը» Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր թիւ 2։

Ներկայիս մեր ապրած տագնապը մեզի վերագտնել տուաւ Հոգեւոր Հաղորդութիւնը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ մենք, որ այժմ ծերացած՝ մանուկ էինք, քրիստոնէականի պահուն մեզի յաճախ կը խօսէին Հոգեւոր Հաղորդութեան մասին։ Մեզի կ՛ըսէին թէ կարող էինք հոգեւոր միութեամբ միանալ Յիսուսին, որ ինքզինք կը նուիրէ Խորանին վրայ, նոյնիսկ եթէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը չէինք ընկալած ֆիզիկապէս։ Հոգեւոր Հաղորդութիւնը կրօնական աւանդութիւնն էր, որուն նպատակն էր մեզ յարատեւօրէն միացած զգալ տալ Յիսուսին հետ միութեան մէջ եւ ոչ թէ միայն երբ Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունէինք պատարագի ընթացքին», այս խօսքերով է որ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին կը սկսի իր «ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր թիւ 2» յօդուածը նշելով թէ այդ օրէն ետք «Հոգեւոր Հաղորդութեան մասին լսեցինք հազուագիւտ անգամներ»։

Ռավտիովատիկանի նախկին տնօրէնը անդրադարձ կը կատարէ ապա 2011-ի Մատրիտի մէջ կայացած Երիտասարդներու  համաշխարհային օրուան, որուն ընթացքին ծագած յանկարծակի փոթորիկ մը՝ շատ մը երիտասարդներ զրկեց Սուրբ Հաղորդութեան ընկալումէն։ «Այդ պահուն միտքս եկաւ Հոգեւոր Հաղորդութիւնը», կը գրէ Հայր Լոմպարտին։

Իսկ այժմ Ֆրանչիսկոս Պապը, Սանթա Մարթայի Մարան մէջ մատուցած առօրեայ պատարագներուն ընթացքին կը խրախուսէ հաւատացեալները, որոնք ֆիզիկապէս ներկայ չեն արարողութեան, կատարելու հոգեւոր հաղորդութիւնը, անոնց առաջարկելով յատուկ աղօթքներ։

Հոգեւոր Հաղորդութիւնը միայն Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունիլը չէ, այլ կոչուած է նաեւ  «իղձի հաղորդութիւն». Փափաքիլ որ մեր կեանքը միացած ըլլայ Յիսուսին, յատկապէս Անոր Խաչին վրայ զոհաբերումին հետ։

«Սուրբ հաղորդութեան ծոմապահութեան երկար տեւող այս ժամանակահատուածին բազմաթիւ մարդիկ՝ որոնք սովոր էին հաղորդուիլ ամէն օր, զգացին այդ առօրեայ հացին պակասը»կը գրէ միշտ Հայր Լոմպարտին նշելով որ «Ծոմապահութիւնը զրկում մըն է, սակայն կարող է դառնալ հասունութեան ժամանակ։ Այնպէս ինչպէս իրարմէ հեռու ամոլներու միջեւ սէրը կարող է աճեցնել անոնց միութիւնը, նոյնպէս հաղորդութեան ծոմապահութիւնը կարող է դառնալ ժամանակ՝ հաւատքի աճումին»։

«Հասկնալ որ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուսին ձրի եւ զարմանալի  պարգեւ մըն է, զոր պէտք է փափաքիլ ամբողջ սրտով, յարատեւօրէն, կարող է ըլլալ այս ցնցիչ ժամակներուն հետեւանքներէն մին» կը գրէ ի մէջ այլոց Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին եզրափակելով իր ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր թիւ 2 յօդուածը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2020, 14:30