Հայր  Մանուէլ Պարիոս Փիեթրօ Հայր Մանուէլ Պարիոս Փիեթրօ 

Եւրոպայի եպիսկոպոսները մտահոգ են Եւրոպական կարգ մը երկիրներու կողմէ գաղթականներուն մերժումին գծով։

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու յանձնախումբի քարտուղարի յայտարարութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու յանձնախումբի քարտուղար,  Հայր  Մանուէլ Պարիոս Փիեթրօ, ուրբաթ, 24 ապրիլին, հաղորդագրութեամբ մը եւրոպայի եպիսկոպոսներուն մտահոգութիւնը յայտնած է 47 գաղթականներուն նկատմամբ, որոնք Միջերկրական ծովու մէջ օրեր շարունակ բանտարկուած մնացին, մարդասիրական կազմակերպութեան պատկան փրկարար  նաւու մը մէջ՝ Մալթայի մօտակայքը։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ եպիսկոպոսներու յանձնախումբի քարտուղարը կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան, գաղթականները ընկալելու ու առաջնորդելու ապահով վայրեր, նկատել տալով որ Լիպիական նաւահանգիստները  անապահով  են։ 

«Գաղթականները ու քաղաքական ապաստանութիւն խնդրողները,  իրենց մեկնած նաւահանգիստները առաջնորդելու ժամանակ յաճախ ենթարկուած են խոշտանգումներուն, բռնութիւններու։

Միջերկրական ծովը մեծ գերեզմանի մը վերածելէ խուսափելու համար եւրոպական միութեան անդամ երկիրները պէտք է որ միասնաբար աշխատին եւ հասարակաց պատախան տան  բռնի գաղթականութեան։ Անհրաժեշտ է  զօրակցութեան միջոցներ որդեգրել  դիմագրաւելու համար  ծովու մէջ գտնուող  խոցելի գաղթականներուն շտապ հարցերը։ Նշուած է Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն հաղորդագրութեան մէջ 

Ինչ կը հայի համաճարակի տագնապին, Եպիսկոպոսներու յանձնախումբը  նկատել տուած է որ հակառակ համաճարակի պատճառած դժուարութիւններուն Եւրոպան պէտք չէ մոռնայ մարդկային սկզբունքները եւ  պէտք չէ որ ոչ մէկը բացառուի։

Եւրոպական միութիւնը արժանիքներուն եւ սկզբունքներուն հասարակութիւն է եւ կը կիսէ ընդհանուր գիտակցութիւնը, թէ  որ բոլոր մարդ էակները հաւասար են արժանապատուութեան մէջ ,ու անոնք արժանի են իրաւունքներուն պաշտպանութեան ու յարգանքի, նամանաւանդ երբ մարդ էակը կը գտնուի դժուար եւ խոցելի պայմաններուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2020, 20:35