Տալիի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի Տալիի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի 

La Civiltà Cattolica Յիսուսեան միաբանութեան պարբերաթերթը լոյս կը տեսնէ նաեւ Չինարէն լեզուով։

Չինարէն լեզուով առաջին հատորին մէջ լոյս պիտի հրապարակուին Սուրբ Աթոռի եւ Չինատանի հանրապետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրի վերաբերող յօդուածներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

La civiltà cattolica պարբերաթերթի հիմնադրութեան 170 ամեակի առիթով, Յիսուսեան միաբանութեան որոշոմով, պարբերաթերթը լոյս կը  տեսնէ նաեւ Չինարէն լեզուով։

Ունկնդրէ լուրը

Չինարէն տարբերակին սկիզբը պիտի հրապարակուին Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի հանրապետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրի վերաբերող յօդուածներ, ԻԲ դարուն՝  կաթողիկէութիւնը Չինաստանի մէջ, ուսումնասիրութիւն Չինաստանի մէջ Կաթողիկէ վարդապետութեան մասին,  որոնց կից պիտի հրապարակուին նաեւ աշխարհի ներկայ կացութեան հայող օդուածներ։

Ի լուր պարբերաթերթին Չինական տարբերակին, Սուրբ Աթոռին Պետական Քարտուղարը, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին նամակով մը ողջունած է  Չինարէն լեզուով պարբերաթերթին հրապարակումի ծրագիրը,  մաղթելով որ այդ  ծրագիրը առիթ հանդիսանայ նոր էջեր գրելու,  որ  պտուղն է աւանդութեամբ հարուստ չինացիներու հետ բարեկամական հանդիպումին։

Ծիրանաւորը նամակի մէջ յիշած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին la civilta cattolica պարբերաթերթին  յօդուածագիրներուն ուղղած խօսքը, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշել կու տայ որ  յօդուածագիրներուն  գլխաւոր պարտականութիւնը կը կայանայ կամուրջներ կառուցելու ,  երկխօսութեան կապեր հաստատելու մէջ , բորոր մարդոց հետ,  ոչ միայն հաւատացեալներուն հետ նաեւ անոնց հետ որոնք չկիսելով հանդերձ քրիստոնէական հաւատքը , կը յարգեն մարդկային արժէքները։ 

Պետական քարտուղարը նամակի մէջ  մաղթանք յայտնած է նաեւ, որ պարբերաթերթի Չինական տարբերակը,  համագործակցութեան կայուն միջոց դառնայ, բոլոր այն անձերու միջեւ, որոնք գեղեցկութիւնն ու  ճշմարտութիւնը կը փնտռեն եւ կը համագործակցին մշտական խաղաղութիւն կերտելու՝ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու միջեւ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2020, 11:55