Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը 

Պենետիկտոս ԺԶ ծննդեան 93րդ տարեդարձը աղօթելով Քովիտ19 ժահրի հիւանդներուն համար:

Գերապայծառ Կէյնզվէյն Վատիկան Նիուզին փոխանցեց վաստակաւոր Քահանայապետին 93րդ տարեդարձի մասին տեղեկութիւններ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուծոյ գոհաբանութեամբ եւ զգաստութեան նշանով է որ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը կը տօնախմբէ իր ծննդեան 93  տարեդարձը, Վատիկանի Մաթեր Էկլեզիա վանքին մէջ։ Ան անընդհատ կը հետեւի համաճարակի տեղեկութիւններուն ու ամէն օր կ՛աղօթէ Քովիտ 19 ժահրէն հիւանդացած ու տառապող մարդոց համար»։ Սոյն տեղեկութիւնները Վատիկան Նիուզին փոխանցեց Վաստակաւոր Քահանայապետին յատուկ քարտուղարը՝ Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզվէյնը,  նշելով նաեւ որ Վաստակաւոր Քահանայապետը այցելուներ չունեցաւ ու թէ իր ծննդեան տարեդարձը տօնեց մտերմիկ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։ «Թէեւ չի պակսեցան  հեռաձայնային  շնորհաւորութիւնները  եւ բարեմաղթական նամակներն ու պատգամները» ըսաւ Գերապայծառ Կէյնզվէյն դիտել ատլով՝ որ «Քահանայապետը յատուկ կերպով ազդուած է Քովիտ 19 ժահրէն մահացած քահանաներուն, բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն համար, որոնք մեռան իրենց ծառայութիւնը մատուցելով հիւանդներուն»։

«Ան աղօթքով կը մասնակցի այդ ցաւին սակայն թոյլ չի տար՝ որ իրմէ խլուի յոյսը» աւելցուց գերապայծառ Կէյնզուէյն որ խօսելով Քահանայապետին օրակարգի մասին նշեց թէ՝ «Քահանայապետի տարեդարձի օրը սկիզբ առաւ առաւօտեան մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, ու շարունակուեցաւ աղօթքի եւ մտածականի պահերով, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ ծննդավայր՝ Պավիերա մարզի յատուկ երգերով»։

«Քահանայապետին ընդունած յատուկ նուէրներէն մին  եղաւ՝ լրագրող Փիթեր Սիվալտի «Պենետիկտոս ԺԶ – ամբողջ կեանք մը» վերնագիրով Քահանայապետին կենսագրական հատորը, որ լոյս պիտի տեսնէ մօտ օրէն» աւելցուց գերապայծառ Կէյնզվէյն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2020, 12:15