Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 

«Յովհաննէս Պօղոս Բ ջանացած էր միշտ խաչը վերածել սիրոյ». Կարդինալ Քոմասթրի սուրբ քահանայապետի մահուան 15-րդ տարելիցին առթիւ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մահուան 15-րդ տարեդարձին առթիւ Ռատիովատիկանի եւ Վատիկան Նիուզի յայտագիրներու ընդհանուր փոխ տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի հարցազրոյց մը վարեց Քահանայապետի Վատիկանի Պետութեան տեղակալ՝ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15 տարիներ առաջ՝ 2005-ի 2 ապրիլին, Երկնաւոր Հօր տուն վերադարձաւ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը։ Այդպէսով վերջ կը տրուէր  եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ արձանագրուած Սուրբ Պետրոսի յաջորդներէն մէկուն Քահանայապետութեան ամենէն երկար ժամանակաշրջանին։

2 Ապրիլ 2005ը շատերուն մտքին մէջ դրոշմուած է որպէս պատմական օր։ Սուրբ Քահանայապետը՝ քրիստոնէական վկայութեամբ ապրուած երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, իր հոգին աւանդեց առ Հայր, մինչ հազարաւոր հաւատացեալներ խուժած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, աղօթքով ընկերանալու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կեանքի վերջին ժամերուն, նախ քան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ Ան առ յաւէտ յանձնէր իր հոգին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի մահուան 15-րդ տարեդարձին առթիւ Ռատիովատիկանի եւ Վատիկան Նիուզի յայտագիրներու ընդհանուր փոխ տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, հարցազրոյց մը վարեց Քահանայապետի Վատիկանի Պետութեան տեղապահ՝ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի հետ, որուն մէջ Ծիրանաւորը հաստատեց՝ թէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը հաւատացեալ մըն էր, համոզուած հաւատացեալ, հետեւողական հաւատացեալ, որուն կեանքի ուղեւորութիւնը լուսաւորուած էր հաւատքէն»։

Ակնարկելով այսօրուայ աշխարհը խուճապի մատնող համաճարակին, Կարդինալ Քոմասթրի նշեց՝ թէ ընկերութիւնը պատրաստուած չէր այս իրողութեան, ու թէ  շատեր սարսափի մէջ են, որովհետեւ շատերուն մէջ մարած է նաեւ հաւատքը։

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս համոզուած էր որ կեանքը արագ վազքի նման էր՝ դէպի աւելի մեծ Տօնախմբուին, Աստուծոյ հետ ողջագուրումի տօնախմբութիւնը» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը նկատել տալով՝ որ «հարկաւոր է նաեւ պատրաստուիլ այդ տօնախմբութեան, պէտք է մէկդի դնենք մեր եսասիրութիւնը, որպէսզի կարողանանք ողջագուրել Ան որ Սէր է»։

«Յովհաննէս Պօղոս Բը՝ կեանքի տառապանքը կ՛ապրէր այս հոգիով եւ ասոր համար է որ ան երբեք չի կորսնցուց իր անդորրութիւնը, որովհետեւ իր աչքին առջեւ ունէր կեանքի նպատակակէտը» նշեց հուսկ Կարդինալ Քոմասթրի, դիտել տալով՝ որ  «շատեր այսօր  չեն հաւատար կեանքի նպատակին։ Եւ ասոր համար ցաւը կ՛ապրին յուսահատութեամբ, որովհետեւ անոնց աչքերը ցաւէն աւելի անդին չեն տեսներ։ Ցաւը արդարեւ կարող է մշտապէս վախ յառաջացնել, սակայն եթէ ան լուսաւորուած ըլլայ հաւատքէն ու ապրուած որպէս հաղորդութիւն՝ մեր Տիրոջ Խաչեցեալ Քրիստոսին հետ, այդ ցաւը կը դառնայ Սէր եւ ուժ, որ կարող է յաղթել աշխարհի մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող եսասիրութեան։ Այս մէկը կարելի է՝ երբ մեր սիրտը կը բանանք  Յիսուսին, որովհետեւ միայն Ան է որ կարող է ճանչնալ մեր ցաւը ու զայն արժեւորել»։

Մատնանշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Վատիկանէն գլխաւորած վերջին աւագ ուրբաթ օրուան ճանապարհ խաչի արարողութեան, երբ Սուրբ Քահանայապետը սպառած, անուժ, ձեռքերուն մէջ զօրեղ բռնած էր խաչը, ու Անոր սեւեռելով աչքերը կարծես կը խորհէր. «Տէր Յիսուս ես ալ քեզի հետ խաչի վրայ եմ, բայց գիտեմ թէ քու հետդ ինծի  կը սպասէ Յարութիւնը» կարդինալ Քոմասէրի ընդգծեց՝ որ «Սուրբերը այսպէս կ՛ապրին» եւ ակնարկեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի կարգախօսին «Մարիամ՝ բոլորովին քեզ», ուղղուած Աստուածամօր, որուն Վոյթիլա Քահանայապետը վստահած էր բոլոր կեանքն ու քահանայապետութիւնը ու Անոր հետ կարողացաւ ցաւը վերածելու՝ սիրոյ առիթի։

«Արդարեւ, յայտնեց Կարդինալ Քոմասդրի հարցազրոյցի աւարտին, Յովհաննէս Պօղոս Բ ջանացած էր միշտ խաչը վերածել սիրոյ», այս ուղղութեամբ ներկայացնելով անձնական մէկ յիշատակ մը՝ երբ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անոր նուիրած էր լանջախաչ մը ըսելով. «Կը նուիրեմ քեզի այս խաչը, ջանայ զայն վերածել սիրոյ։ Որովհետեւ այս է կեանքը լուսաւորող իմաստութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2020, 13:17