Վատիկանի Դատական գրասենեակները Վատիկանի Դատական գրասենեակները 

Վատիկանի դատական մարմիններուն նոր կարգաւորումը։

Աւելի մեծ ինքնուրոյնութիւն դատաւորներուն, կառոյցի պարզեցում, բաժանում քննչական դատական իշխանութեան եւ դատաւորներու միջեւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարտի 16ին, Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց Վատիկանի պետութեան դատական կարգաւորումին նոր օրէնքը, փոխարինելով 1987ի կարգաւորումը, որ հաստատուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի կողմէ։ Նոր բնագիրը, որ կը պարունակէ 31 յօդուածներ, կʼապահովէ յաւելեալ ինքնուրոյնութիւն մը դատական մարմիններու եւ դատաւորներու միջեւ եւ կը վերատեսէ ատեանի կազմի թիւը, աւելցնելով դատաւորներու թիւը։

Ունկնդրէ լուրը

Ինչ կը հայի ատեանի, նոյնպէս եւ վերաքննիչ դատարանի դատաւորներու քահանայապետական նշանակումին պահանջքներուն, ապա այնտեղ կը նկատի կʼառնուին համալսարանի դասախօսներ եւ անուանի իրաւաբաններ (աւելի մեծ ինքնուրոյնութիւն շնորհելու դատական գործառոյթներու իրականացումին)։ Ընդառաջելու համար մասնաւոր պահանջքներու, կարելի է երեք տարուան համար նշանակել մէկ կամ մի քանի դատաւորներ, սակայն միշտ քահանայապետական անուանումով։

Կարեւոր եւ նշանակալի են նորոութիւնները որոնք կը հային դատախազներուն։ Արդարադատութեան Ղեկավար Գրասենեակի համար հաստատուած է անկախ Ղեկավար մը, որ կը տարբերի ատեանի ղեկավարէն եւ կʼենթարկուի կարգ մը մանրամասնուած կանոններու, որոնք մինչեւ հիմա գոյութիւն չունէին։

Նոր օրէնքը, կը նախատեսէ նաեւ համադասութեամբ կատարուած դատաքննութիւն, այսինքն՝ երեք տարուան համար նշանակուած երկու կամ աւելի դատաւորներու յաւելումով։ Իսկ ինչ կը վերաբերի փաստաբաններուն, Հռոմէական Ռոթայի փաստաբաններուն գրանցամատեանի գրանցման պահանջքներուն աւելցուած է բնակավայրի պետութեան ատենական թոյլտուութիւնը։ Վերջապէս, վարչակազմերու պաշտպանութիւնը կը տարածուի նաեւ Հռոմէական Քուրիայի բաժանմունքներու գրասենաեակներու ղեկավարներուն եւ Վատիկանի ներքին կառավարութեան վրայ, նուիրապետական մեծաւորի տուած յանձնարարութեամբ։ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատած է, որ դատական տարւոյն սկիզբը դրուի յունուարի 1ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2020, 12:55