Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը թուիթի մը միջոցաւ դարձեալ մօտիկութիւն յայտնեց Քորոնա ժահրի հիւանդներուն ու առողջապահութեան մարմիններուն։

Նորին Սրբութիւնը աւելի ուշ հրապարակեց այլ թուիթ մը, ուր շեշտը դրաւ Քառասնորդացի վրայ։

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ

«Կ՛ուզեմ դարձեալ իմ մօտիկութիւնս յայտնել Քորոնա Ժահրի հիւանդներուն ու զանոնք խնամող առողջապահութեան մարմնի գործիչներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց՝ որոնք յանձնառումով կ՛աշխատին օգնելու հիւանդները, եւ վարակը կասեցնելու ուղղութեամբ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին վեց մարտին հրապարակած առաջին թութին պարունակութիւնը, որուն մէջ Սրբազան Պապը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Քորոնա Ժահրէն վարակուած հիւանդներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք կը գործեն արմատախիլ ընելու այդ ժահրը։

Նորին Սրբութիւնը աւելի ուշ հրապարակեց այլ թուիթ մը, ուր շեշտը դրաւ Քառասնորդացի վրայ հաստատելով որ Քառասնորդացը հարմարաւէտ ժամանակ է, որպէսզի թոյլ տանք հարցադրուիլ օգնութիւն չի գտնող տառապողին ցաւէն։ «Ժամանակ է նաեւ ուր մերձակցութիւնը գործնական կը դառնայ զօրակցութեան ու խնամատարութեան միջոցաւ», գրեց Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2020, 14:30