Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ 

Գերապայծառ Եուրքովիչ ՄԱԿ-ի մէջ. «Կեանքը սուրբ է ու չկայ կեանք մը աւելի սուրբ այլ կեանքէ»։

Գերապայծառ Եուրքովիչ նկատել տուաւ որ անկարներու իրաւունքները ճանչնալու արձանագրուած նշանակալից յառաջդիմութիւններուն հանդերձ ՝ տակաւին կը գոյատեւէ անոնց կեանքի արժէքին նկատմամբ ժխտական ընկալում։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 43-րդ նիստին ընթացքին, Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ ելոյթ ունենալով անկար կամ հաշմանդամութիւն ունեցող  անձերու  իրաւունքներու մասին,  հաստատեց՝ թէ «չկայ մարդկային կեանք որ աւելի սուրբ ըլլայ այլ կեանքէ, այնպէս նաեւ չկայ որակաւոր աւելի նշանակալից կեանք՝ քան այլ կեանքէ»։ Առ այդ հարկաւոր է ընդելուզել հաշմանդամութեամբ  կամ անկար անհատները, որովհետեւ անոնք եւս ունին անձեռնմխելի իրաւունքներ ու նաեւ հարստութիւն ու կարողութիւն՝ իրենց սատարը տալու  մարդկային եւ ընկերային գետնի վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Մէջբերելով  Ֆրանչիսկոս Պապին տարբեր ելոյթներէն  քաղուած խօսքեր, գերապայծառ Եուրքովիչ  նկատել տուաւ՝  որ անկարներու իրաւունքները ճանչնալու արձանագրուած նշանակալից յառաջդիմութիւններուն հանդերձ, տակաւին կը գոյատեւէ անոնց կեանքի արժէքին նկատմամբ ժխտական ընկալում։

Ֆրանչիսկոս Պապը այս մէկը սահմանեց որպէս «ինքնահաճութեան եւ օգտապաշտութեան տեսակէտ» մը որ դժբախտաբար կը մղէ «հաշմանդամութեամբ անձերը նկատել լուսանցքային, առանց անոնց մէջ նշմարելու մարդկային ու հոգեւոր բազմատեսակ հարստութիւնները»։

Գերապայծառ Եուրքովիչ ելոյթին մէջ շեշտը  դրաւ նաեւ կենսաբարոյականութեան վրայ, դարձեալ մէջբերելով Քահանայապետին խօսքերը, ուր Ան կը քաջալերէ  յարգել մարդ անհատի ամբողջականութիւնը ու անոր մատուցել առողջապահական ծառայութիւն, սաղմէն մինչեւ մահ, մարդ անհատը նկատելով որպէս նպատակ եւ ոչ որպէս միջոց։

Գերապայծառ Եուրքովիչ մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ «նախածննդեան սերնդաբանական զննումներու» վերաբերեալ, որոնք կարող են ամրապնդել այն պատգամը թէ «հաշմանդամութիւն ունեցող անհատները երբեք պէտք չէ աշխարհ գան», եւ ասոր հիման վրայ  մղել անձերը դիմելու վիժումին։

Սուրբ Աթոռը այս ուղղութեամբ կը մերժէ որեւէ հեշտամահի կամ օժանդակուած անձնասպանութեան ձեւերը ու իր վճռակամ համոզումը կ՛արտայայտէ՝ թէ «չկայ մարդկային կեանք մը որ աւելի սուրբ ըլլայ այլ կեանքէ»։ Այս ուղղութեամբ եւս Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ օրէնքները ու Ֆիզիկական խոչընդոտները տապալելը լաւ բան է ու կարեւոր, սակայն անբաւարար, եթէ անոր հետ միասին մտայնութեան փոփոխութիւն չ՛արձանագրուի ու եթէ չի կարողանանք յաղթահարել անհաւասարութիւն ստեղծող մշակոյթը, հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց արգիլելով՝  գործնականապէս իրենց մասնակցութիւնը բերելու առօրեայի կեանքէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2020, 09:46