Որոնել

Քարիթաս Քարիթաս 

Քորոնա Ժահր. Ֆրանչիսկոս Պապ 100 հազար եւրօ նուիրեց Իտալիոյ Քարիթասին։

Քահանայապետը այս ձեւով կ՛ուզէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ու հայրական քաջալերանքը արտայայտել՝ ժամանակակից ժահրէն տառապող մարդոց ու բոլոր անոնց որոնք հոգ կը տանին հիւանդներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիկ 19 ժահրի տարածման ուղղութեամբ՝ իտալիոյ տարածքին վրայ հետզհետէ աճող մտահոգութեան ի տես Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքին միջոցաւ, որոշում կայացուց 100 հազար Եւրօ յատկացնել Իտալիոյ Քարիթասին՝ որպէս առաջին նշանակալի օգնութիւն, սոյն տագնապալից իրավիճակը դիմագրաւելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը այս ձեւով կ՛ուզէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ու հայրական քաջալերանքը արտայայտել՝ ժամանակակից ժահրէն տառապող մարդոց ու բոլոր անոնց որոնք հոգ կը տանին հիւանդներուն։

Վերոնշեալ գումարը կը յատկացուի ընկերութեան աղքատներուն եւ դիւրաբեկներուն վերապահուած անհրաժեշտ  ծառայութիւնները ապահովելու համար ինչպէս՝  աղքատներուն յատկացուած ճաշարանները, հիւրընկալութեան վայրերը, առողջապահական կեդրոնները զոր Իտալիոյ Թեմական Քարիթասները կ՛ապահովեցնեն ամէն օր։

Վերոնշեալ Բաժանմունքին սոյն աջակցութիւնը կը միանայ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքին Իտալացի սիրելի Ժողովուրդին համար  ու բաժնեկցութեան նշան է՝ տեղական եկեղեցիներու յանձնառումին, որոնք օգնութիւն եւ զօրակցութիւնը կը ցուցաբերեն անոնց որոնք կարիքի մէջ կը գտնուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2020, 09:47