Վատիկան քաղաքէն առնուած լուսանկար Վատիկան քաղաքէն առնուած լուսանկար 

Սուրբ Աթոռէն ներս ծնունդ առաւ Վատիկանի անձնակազմի ընդհանուր վարչութիւն մը:

Նոր վարչութեան իրաւասութեան պիտի ենթարկուին Վատիկանի անձնակազմը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ ընթացք առած բարեփոխումներուն ծիրէն ներս, Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան խորհուրդի առաջարկով եւ ֆրանչիսկոս Պապի տնօրինութեամբ հիմնուեցաւ Վատիկանի անձնակազմի ընդհանուր վարչութիւն մը, որուն իրաւասութեան պիտի ենթարկուին Սուրբ Աթոռի բոլոր ժողովներէն ներս գործող անձնակազմը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի հաստատութիւններուն, դրամատան   եւ այլ հիմնարկներուն մէջ գործող բոլոր անձնակազմը: Այս մասին յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է նաեւ Վատիկանի անձնակազմի նոր  վարչութիւնը տեղադրուած է Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործերուն բաժանմունքէն ներս որ սերտօրէն պիտի համագործակցի Վատիկանի տնտեսական քարտուղարութեան ու Առաքելական Աթոռի աշխատանքի գրասենեակին հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2020, 11:31