Քորոնա Ժահրի բերումով դատարկ եկեղեցիներ Քորոնա Ժահրի բերումով դատարկ եկեղեցիներ 

Քորոնա ժահր. Աւագ Շաբաթը տօնելու նոր կանոններ։

Քովիտ ժահրի համաճարակի բերումով՝ Աստուածային Պաշտամունքի Ժողովը նոր կանոններ կը հրապարակէ յառաջիկայ տօներու ծիսակատարութիւններուն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի համայն աշխարհի մէջ Սուրբ Զատիկը պիտի տօնուի տարբեր հանգամանքով։ Արդարեւ Քորոնա ժահրի համաճարակի կանխարգիլման ուղիով համաճարակի շրջաններուն մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիները դատարկ են։  

Սոյն աննախադէպ իրավիճակին ի տես Աստուածային Պաշտամունքի Ժողովը հրապարակեց կանոններու նոր ուղեցոյց մը՝ ուր կը թելադրուի դիմել որոշ կանխազգուշական քայլերու եւ յառաջիկայ Սուրբ Շաբթուայ  արարողութիւններու կատարել առանց ժողովուրդի մասնակցութեան եւ հնարաւորիս գործածելով Հաղորդակցութեան միջոցները, որպէսզի հաւատացեալները զուրկ չի մնան իրենց կրօնական ու հոգեւոր պարտականութիւններէն։

Աստուածային պաշտամունքի Ժողովին հրապարակած հրամանագիրը հրաւէր կ՛ուղղէ տեղական թեմերուն  նաեւ Աւագ Շաբթուայ արարողութիւններու համար պատրաստել յատուկ աղօթագիրքեր՝ որպէս հաւատացեալներուն աղօթքի ուղեցոյց։

Համարագիրին մէջ ապա մանրամասն նշուած են Աւագ Շաբթուայ արարողութիւնները կատարելու ձեւերը, ու որոշ ծէսեր չեղեալ նկատելու կամ տարբեր ձեւով կատարելու յորդորները։

«Վերոնշեալ կաննոնները որդեգրուած են կասեցնելու ու սահմանելու համար ժահրին տարածումը՝ բայց ոչ աղօթքը» հաստատած է Աստուածային Պաշտամունքի Ժողովի քարտուղարը Արթուր Արքեպիսկոպոս Ռոքէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 13:49