«Տէրը Յարեաւ» Գիրքի կողքը: «Տէրը Յարեաւ» Գիրքի կողքը: 

«Տէրը Յարեաւ» Քառասնորդացի վերաբերեալ ֆրանչիսկոս Պապին խոկումները պարունակող փոքրիկ գիրք մը:

Վատիկանի Նիւզի հետ գիրքին յառաջաբանը ստորագրող Կարդինալ Քոմասթրիին հարցացրոյցը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Քառասնորդացի՝ մեծ Պահքի վերաբերեալ   Ֆրանչիսկոս Պապին խոկումները պարունակող  «Տէրը Յարեաւ»վերանագիրով փոքրիկ գիրք մը, որուն յառաջաբանը ստորագրած է Վատիկան քաղաքի,  Ֆրանչիսկոս Պապին ընդհանուր փոխանորդ  Կարդինալ Անճէլօ Քոմասթրին:

Ունկնդրէ լուրը

80 էջերէ բաղկացած գիրքին կողքին վրայ զետեղուած է խաչեալ Յիսուսին վրայ ճակատը զետեղած ֆրանչիսկոս Պապին լուսանկարը:

«Տէրը յարեաւ» գիրքի մասնին Վատիկան  Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին կարդինալ Քոմասթրին նշեց,  թէ գիրքի մէջ պարունակուած են ֆրանչիսկոս Պապի քառասնորդացի վերաբերեալ, Նորին Սրբութիւնը բնորոշող,պարզ եւ գեղեցիկ\ սակայն իմաստալից նախադասութիւններ:

Կարդինալ Քոմասթրին թուեց զինք շատ յուզող ու տպաւորող ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերէն հատուածներ՝ քաղուած Նորին Սրբութեան մոխրոց օրուան առթիւ արտասանած քարոզէն ինչպէս նաեւ «Յիսուս Կենդանի է» առաքելական յորդորագիրէն:

Մոխրոց օրուան առթիւ ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզէն քաղուած հատուածէն կարդինալ Քոմասթրին թուեց հետեւեալ.

«Քառասնորդացի ուղեւորութեան ընթացքին, մեր հայեացքը սեւեռած պահենք խաչին վրայ: Յիսուս խաչին վրայ, դէպի երկինք առաջնորդող մեր կեանքին կողմնացոյց  է, որովհետեւ Տէրը խաչին վրան մեզի կ՝ուսուցանէ որոնել այն սէրը, որուն պէտք է դարձի գանք: Դա  գեղեցիկ խոկում է, յոյսի եւ ճրագի հայող մտածում, որ հրաւէր  է լաւատեսութեան:» ըսաւ ծիրանաւորը  Ան ապա մէջբերեց,  ֆրանչիսկոս Պապին  «Յիսուս Կենդանի է» յորդորագիրէն այլ  հատուած մը «Քրիստոս կ՝ապրի: Ան մեր յոյսն է եւ ամենէն շքեղ երիտասարդութիւնը՝ այս աշխարհի մէջ: Տէրը ուր որ ալ դպչի երիտասարդ կը դառձնէ, նոր կը դառձնէ եւ կեանքը կը լիացնէ: Յիսուս քու մէջդ է եւ միշտ  քու հետդ է:  Երբ դուն քեզ ծեր կը զգաս՝ տխրութեան, ցաւերու, վախի եւ ձախողութեան պատճառաւ, Ան քեզի թիկունք կը  կանգնի՝ ուժ եւ յոյս ներշնչելու համար:Երբեք քեզ մինակ չի թողուր :Դա Զատկուայ պատգամ է  լաւատեսութեան պատգամ » ըսաւ Կարդինալ Քոմասթրին մէջբերելով վերոնշեալ գիրքէն կարգ մը հատուածներ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2020, 11:47