Վատիկանի դրօշակը Վատիկանի դրօշակը  

Սուրբ Աթոռը եւս սուգի մէջ՝  Իտալիոյ եւ համայն աշխարհին համար։

Վատիկանի դրօշակը կիսակայմ ծածանուեցաւ յիշելու համար համայն աշխարհի մէջ համաճարակի զոհերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկան քաղաքը իր մասնակցութիւնը բերաւ Իտալիոյ քաղաքապետարաններուն, Իտալական դրօշակները պահ մը կիսակայմ ծածանելու ձեռնարկին, ոգեկոչելու համար Քորանա ժահրի զոհերը։

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 31 մարտ՝ կէսօրին, համայն Իտալիոյ մէջ սուգ տիրեց, երկրի բոլոր տարածքին Իտալական դրօշակները կիսակայմ պահելով։

Սոյն ձեռնարկը նախաձեռնութիւնն է Իտալիոյ քաղաքապետարաններուն, որոնց որոշումին հիման վրայ, երեքաշբթի 31  մարտին, կէսօրին, Իտալիոյ բոլոր դրօշակները կէս չափով վար առնելով յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ համաճարակի զոհերուն եւ պատիւի արժանացան առողջապահական մարզի գործիչները։

«Սուրբ Աթոռը եւս իր մասնակցութիւնը բերած է վերոնշեալ ձեռնարկին, Վատիկանի դրօշակները իջեցնելով կէս չափով,  արտայայտելու համար իր մօտիկութիւնը  Իտալիոյ եւ համայն աշխարհի մէջ համաճարակի զոհերու ընտանիքներուն եւ համաճարակի դէմ պայքարող առողջապահական մարզի գործիչներուն» Լուրը հաղորդած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2020, 14:01