Սուրբ Պետրոսի հրապարակ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ 

Աշխարհին մէջ կաթողիկէներու թիւը կը բարձրանայ. 1 Միլիառ 300 միլիոն։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կ՛աճի մկրտեալներուն թիւը։ Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան գրասենեակի տուեալներու համաձայն կ՛աճի նաեւ Եպիսկոպոսներու թիւը` մինչ կը նուազի քահանաներու, կրօնաւորներու, մայրապետներու ու նորընծաներուն թիւը։

Չորեքշաբթի 25 մարտին ի լոյս ընծայուեցան Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական  գրասենեակին 2013 -2018 տարեշրջանի տուեալները, որոնց հիման վրայ կը նշուի որ Ափրիկէի եւ Ասիայի ցամաքամասերուն մէջ ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան առաջին հինգ տարիներու ընթացքին Կաթողիկէներու թիւը աճ արձանագրածէ։

Արդարեւ աշխարհի մէջ կաթողիկէ մկրտեալներուն թիւը հասած է 1.329 միլիառի։ Մինչ եպիսկոպոսներուն թիւը 5377 է ու Քահանաներու թիւը նուազած է 3 առ հարիւր չափանիշով։  

Մնայուն սարկաւագներու թիւը կը բարձրանայ` 2013-ի 43.195էն, 2018-ին դարձաւ  47.504ի։

7.5 առ հարիւրով կը նուազի նաեւ մայրապետներուն թիւը, ինչպէս նաեւ նորընծաներուն  թիւը։

Վիճակագրական տուեալները կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ իրավիճակը  2013-2018 տարեշրջաններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 18:25