Աշխատաժողովէն առնուած լուսանկար Աշխատաժողովէն առնուած լուսանկար 

Վատիկանի մէջ աշխատաժողով հարստութիւնները լաւագոյն ձեւով բաշխելու վերաբերեալ:

Աշխատաժողովի նախաձեռնողն է քահանայապետական գիտութիւններու կաճառը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 5 փետրուարին, Վատիկանի  Casina Pio IV դահլիճէն ներս տեղի կ՝ունենայ «եղբայրական զօրակցութեան,  նորարութեան եւ համալրման նոր ձեւեր» նիւթով  աշխտաժողով նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճառին:

Ունկնդրէ լուրը

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տնտեսութեան նախարարներ, տնտեսագէտներ, դրամատուներու ղեկավարներ,  որոնք գիտաժողովին ընդմէջէն առաջարկ պիտի ներկայացնեն,  աշխարհի հարստութիւնները լաւագոյն ձեւով բաշխելու առումով:

Յայտնենք, թէ նախատեսուած է ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աշխատաժողովին մասնակիցներուն:

Նշենք նաեւ, աշխատաժողովի կազմակերպիչներուն համաձայն նշեալ աշխատաժողովի միջոցաւ  եկեղեցին կ վերահաստատէ թէ զօրակցութիւնը Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան անկիւնաքարերէն մին է: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2020, 13:39