Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ազրպէյճանի նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ազրպէյճանի նախագահը։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ազրպէյճանի նախագահը։

Զրոյցներու ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուցաւ միջ մշակութային ու միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան մասին՝ ի նպաստ կրօնական ու էթնիկ տարբեր խումբերու միջեւ խաղաղ համակեցութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 փետրուար 2020ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Իլհամ Ալիեւին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին ու Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ»։

Ունկնդրէ լուրը

«Պետական քարտուղարութեան մէջ կայացած  սիրալիր զրոյցներու ընթացքին կողմերը գոհացուցիչ նկատեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը, յատուկէն անդրադառնալով մշակութային որոտէն ներս համագործակցութեան ու գնահատելով երկրին մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը» կը կարդանք միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած է թէ  «Զրոյցները ապա կեդրոնացան տարածաշրջանային ու միջազգային շարք մը հարցերու վրայ, յատուկ անդրադարձ կատարելով միջ մշակութային ու միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան մասին՝ ի նպաստ կրօնական ու էթնիկ տարբեր խումբերու միջեւ խաղաղ համակեցութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2020, 12:30