Որոնել

Ընկերային արդարութեան համաշխարհային օր Ընկերային արդարութեան համաշխարհային օր 

Ընկերային արդարութեան համաշխարհային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը.

Աղքատները ազատենք նիւթական աղքատութենէն ու պաշտպանենք անոնց իրաւունքները։

Աշխարհի մէջ կը գոյատեւեն ու աճումի մէջ են երկիներու, ժողովուրդներու, ընկերութիւններու ու քաղաքացիներու միջեւ անհաւասարութիւնները, որոնք կը վատթարացնեն  տնտեսութիւնները, կը տկարացնեն ընկերային համախմբութիւնը, ու մարդոց արգելք կը հանդիսանան  լիարժէքօրէն իրականացնելու իրենց զիրենք։  ՄԱԿին կողմէ կատարուած սոյն  յայտարարութիւնը կը հայի՝ 2007-ին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն որդեգրուած ընկերային արդարութեան միջազգային օրուան, որուն նպատակն է  աջակցիլ միջազգային հասարակութեան ջանքերուն՝ վերացնելու համար աղքատութիւնը, պայքարելու անգործութեան դէմ, ու խթանելու արժանավայել աշխատանք, կնոջ ու մարդու միջեւ հաւասար հնարաւորութիւններ, ու բոլորի համար արդարութիւն։  

2020-ի Ընկերային արդարութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց.

«Ամենաաղքատ և ամենաշատ մոռցուածներուն ի նպաստ ընտրանքը՝ մեզ կը մղէ  զանոնք ազատելու նիւթական աղքատութենէն ու պաշտպանելու անոնց իրաւունքները, ու նաև անոնց առաջարկելու բարեկամութիւն Տիրոջ հետ, որ զանոնք կը սիրէ ու անոնց տուաւ  հսկայական արժանապատուութիւն»: #SocialJusticeDay

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2020, 12:38