Գերապայծառ Ճորճօ Տեմեթրիօ Կալլարօ Գերապայծառ Ճորճօ Տեմեթրիօ Կալլարօ 

Գերապայծառ Ճորճօ Տեմեթրիօ Կալլարօ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նոր քարտուղար։

Գերապայծառ Ճորճօ Տեմեթրիօ Կալլարոն մինչեւ օրս Սիկիլիոյ Ալպանացիներու եկեղեցական թեմին առաջնորդն էր ու խորհրդատու՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 25 փետրուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նոր քարտուղար նշանակեց Գերապայծառ Ճորճօ Տեմեթրիօ Կալլարոն,  անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի տիտղոս, որ մինչեւ օրս Սիկիլիոյ Ալպանացիներու եկեղեցական թեմին առաջնորդն էր ու խորհրդատու՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Կալլարօ ծնած է 16 Յունուար 1948-ին Իտալիոյ Փոցցալլօ քաղաք։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1972-ին ու իր հովուական ծառայութիւնը մատուցած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելածէս  ժողովրդապետութիւններու մէջ։

Ան իր համալսարանական ուսմունքները աւարտած է Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական Կաճարի մօտ, ու Արեւելեան եկեղեցական Կանոնագիտութեան  մասնագիտութիւնը աւարտած է Տոմինիքեան Միաբանութեան Հռոմի Սուրբ Թովմաս Համալսարանին մէջ, ուր նաեւ ձեռք բերած է համամիութենական աստուածաբանութեան բարձրագոյն ուսմունքի վկայականը։

31 Մարտ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Սիկիլիոյ «Piana degli Albanesi» թեմին եպիսկոպոս, ու 2015-ի Յունիսի 28-ին Ան կ՛ընդունի եպիսկոպոսական օծումը։

Կը խօսի անգլերէն եւ իտալերէն ու ծիսակատարութեան համար կ՛օգտագործէ յունարէնն ու ալպաներէնը ու ժամանակին օգտագործած է նաեւ արաբերէնը տրուած ըլլալով որ Ան անդամակցած է Մելքիթ Եկեղեցւոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2020, 13:13