Վատիկանի առաքելական դիւան Վատիկանի առաքելական դիւան 

Գերապայծառ Կալլակեր. «Սուրբ Աթոռի դիւանէն ի յայտ պիտի գայ Պիոս ԺԲ Պապին դիմագիծը, իր բոլոր վեհութեամբ»:

Սուրբ Աթոռի Պատմական բաժանմունքի դիւանին մէջ կան 323 մթ երկայնութեամբշուրջ 2 միլիոն գրաւոր թուղթեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 2 մարտին, Վատիկանի մէջ բացումը կը կատարուի Պիոս ԺԲ Պապին քահանայապետութեան ժամանակաշրջանին հայող փաստաթուղթերուն դիւանին:  

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին, Վատիկան Նիւզին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց, Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ ՓոլԿալլակերը:

Գերապայծառին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սուրբ Աթոռի դիւանը ուսումնասէրներուն տրամադրութեան տակ պիտի դնէ Պիոս ԺԲ Պապի քահանայապետութեան շրջանի հայող փաստաթուղթերուն շարքին նաեւ Պետական քարտուղարութեան պետութիւններուն հետ յարաբերութեան պատմական բաժանմունքի դիւանը,  ուր  պարունակուած են ժողովուրդներուն ի սպաս խաղաղութեան եւ արդարութեան պաշտպանութեան ի խնդիր Պիոս ժԲ Պապին դիւանագիտական թուղթերը: 

Գերապայծառ Կալլակեր նշեց նաեւ, որ 1939-1958՝ Պիոս ԺԲ Պապին քահանայապետութեան ժամանակաշրջանը պատմական կարեւոր շրջան եղած է  որ յատկանշուած է  համաշխարհային Բ պատերազմով:

Սուրբ Աթոռի Պատմական բաժանմունքի դիւանին մէջ կան 323 մթ երկայնութեամբշուրջ 2 միլիոն գրաւոր թուղթեր: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ կը գտնենք համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին Սուրբ Աթոռի գործունէութեան հայող թուղթեր, մարդասիրական գործունէութիւններու, պայմանագիրերու ինչպէս նաեւ կրօնա քաղաքականութեանհայողփաստաթուղթեր:

Ակնարկելով դիւանի փաստաթուղթերուն թուայնացման գործընթացին գերապայծառ Կալլակեր նշեց որ 2 մարտին ուսումնասէրներուն տրամադրութեան պիտի դրուին մօտ 1300000 թուայնացուած փաստաթուղթեր, որոնց թուայնացումի աշխատանքը յառաջ կը տարուի:  

Խօսելով Պիոս ԺԲ Պապի դիմագիծի մասին, գերապայծառ նշեց, որ Վատիկանի դիւանէն պիտի յայտնաբերուի Պիոս ԺԲ Պապին մարդկութեան պաշտպան եւ տիեզերական հովիւի հարազատ դիմագիծը, ընդգծելով որ Պիոս ԺԲ  եղած է քաջ դիւանագէտ մը,Ան ցոյց տուած է անսահման եղբայրսիրութիւն, որ յաճախ միշտ չէ հասկցուած եւ ոչ ալ կիսուած Վատիկանին պատերէն ներս:

Դիւանի բացումէն, փաստաթուղթերէն ի յայտ պիտի գան նաեւ կարիքաւորներուն եւ հալածուածներուն խնդրանքներուն ընդառաջելու  Պիոս ԺԲ Պապին ի գործ դրած բոլոր ջանքերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2020, 22:30