Ֆրանչիսկոս Պապ Պոսնիա-Հերցեկովինայի հերթական նախագահին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Պոսնիա-Հերցեկովինայի հերթական նախագահին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոսնիա-Հերցեկովինայի հերթական նախագահը։

Ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն ապահովելու իրաւունքներու յարգանքը ու պետութեան բաղկացուցիչ երեք ժողովուրդներու միջեւ իսկական հաւասարութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շաբաթ 15 փետրուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Տիար Ժելիքօ Քոմշիչին, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի հերթական նախագահին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը գերապայծառ Միրոսլաւ Վաչովսքին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ  թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ զրոյցները կայացան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ուր շեշտը դրուեցաւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն վրայ ու երկրին ներքին կացութեան վրայ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Կաթողիկէ Հասարակութեան իրավիճակին վրայ։ Ընդգծուեցաւ ապա հարկաւորութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն ապահովելու իրաւունքներու յարգանքը ու պետութեան բաղկացուցիչ երեք ժողովուրդներու միջեւ իսկական հաւասարութիւնը։

Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ կողմերը հետաքրքրող միասնական հարցերու շուրջ, հայող միջազգային ու տարածաշրջանի ոլորտներուն, ինչպէս խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը, երկխօսութեան ուղիներ խթանելու անհրաժեշտութիւնը, դիմարգուելու համար Արեւմտեան Պալգանեան շրջանի մարտահրաւէրները ու Եւրոմիութեան տարածաշրջանին մէջ ընդլայնման հեռանկարները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2020, 12:15