«Հազուագիւտ հիւանդութեամբ» անձերու համաշխարհային օր «Հազուագիւտ հիւանդութեամբ» անձերու համաշխարհային օր 

Քահանայապետին թուիթը՝ «Հազուագիւտ հիւանդութեամբ» անձերու համաշխարհային օրուան առթիւ:

Համաշխարհային օրը մեզի հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ բոլորս միասին, հոգ տանելու, այդ հիւանդութիւնէն տուժած եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

29 Փետրուարին կը յիշատակուի Հազուագիւտ հիւանդութեամբ անձերու համաշխարհային օրը, որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ նշեց թէ «Հազուագիւտ հիւանդութեամբ անձերու համաշխարհային օրը մեզի հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ բոլորս միասին, հոգ տանելու, այդ հիւանդութիւնէն տուժած եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ընդելուզելով հետազօտութիւնը, բժշկական խնամքն ու ընկերային օգնութիւնը, որպէսզի անոնք ունենան հաւսար հնարաւորութիւններ ու լիարժէք կեանք»։

Աշխարհի մէջ հազուագիւտ հիւանդութենէ տառապող հիւանդներուն թիւը 300 միլիոն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2020, 12:58