Հայր Ֆլավիօ Փաչէ Հայր Ֆլավիօ Փաչէ  

Հայր Ֆլավիօ Փաչէ նշանակուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ենթաքարտուղար։

Հայր Փաչէ մինչեւ օրս կը վարէր Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի քարտուղարի պաշտօնը։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Երկուշաբթի 3 փետրուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ՝ Հայր Ֆլավիօ Փաչէն նշանակեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ենթաքարտուղար։

Ան մինչեւ օրս կը վարէր Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի քարտուղարի պաշտօնը։

Հայր Փաչէ ծնած է 29 Յուլիս 1977-ին Իտալիոյ Մոնծա քաղաքին մէջ։ 1996-ին կը յաճախէ Միլան Թեմի Արքեպիսկոպոսական նորընծայարանը ու 2002ին կ՛ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։

 Քահանայութեան առաջին տարիներուն պաշտօնավարած է որպէս փոխ ժողովրդապետ, ու կրօնի դասատու։ 2011էն ի վեր բացի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի իր պաշտօնէն կը վարէ նաեւ Աստուածային նախախնամութեան փոքրիկ քոյրերու «Teresa Grillo Michel» հաստատութեան  Հոգեւոր հօր պաշտօնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2020, 12:28