Գերապայծառ Կալլակէր Չինաստանի արտգործ նախարար՝ Ուանկ Եիյի հետ Գերապայծառ Կալլակէր Չինաստանի արտգործ նախարար՝ Ուանկ Եիյի հետ 

Սուրբ Աթոռ – Չինաստան. Յարատեւել երկխօսութեան ճանապարհով։

«Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած զրոյցներու ընթացքին, մատնանշուեցան երկու կողմերու միջեւ տեղի ունեցած շփումները որոնք ժամանակի ընթացքին զարգացան դրական կերպով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 14 փետրուար 2020-ին՝ Գերմանիոյ Միւնխեն քաղաքին մէջ կայացած «Անվտանգութեան համաժողովին» առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ ընդմէջ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի եւ Չինաստանի Արտգործ նախարար՝ Ուանկ Եիյի։ Հանդիպում մը որ կարելի է համարել պատմական, տրուած ըլլալով որ 70 տարիներէ ի վեր այս առաջին անգամն է որ երկու Պետութիւններու այսպիսի բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներ իրարու կը հանդիպին։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած զրոյցներու ընթացքին, մատնանշուեցան երկու կողմերու միջեւ տեղի ունեցած շփումները, որոնք ժամանակի ընթացքին զարգացան դրական կերպով» կը կարդանք Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա կը նշուի թէ «յատուկէն ընդգծուեցաւ Եպիսկոպոսներու անուանումի ժամանակաւոր համաձայնագիրի» կարեւորութիւնը, որ ստորագրուած էր 22 սեպտեմբեր 2018-ին, ու նորոգուեցաւ կամքը՝ պաշտօնական երկխօսութիւնը շարունակել, «խթանելու համար կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքը ու Չինացի Ժողովուրդին բարիքը»։

Գնահատուեցան նաեւ ջանքերը որոնք ի գործ դրուած են արմատախիլ ընելու Քորոնավիրուսի համաճարակը, ու զօրակցութիւն արտայայտուեցաւ համաճարակի թիրախ բնակչութեան։ Ի վերջոյ մաղթանք յայտնուեցաւ միջազգային աւելի մեծ  համագործակցութեան ուղիով՝ խթանելու համար քաղաքացիական համակեցութիւնը ու աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը, ու մտքեր փոխանակուեցան  միջմշակութային երկխօսութեան և մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ»:

Քորոնավիարուս համաճարակին առնչութեամբ արժանի է նշել որ անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Չինաստանի Ժողովրդական հանրապետութեան ժողովուրդին, աղօթելով «չինացի եղբայրներուն համար, որոնք կը տառապին այդ ահռելի հիւանդութենէն», որպէսզի «անոնք ամենէարագ կերպով գտնեն այդ հիւանդութեան դարմանը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2020, 08:00