Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսական նիստ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսական նիստ 

Եպիսկոպոսներուն սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան պատգամը գաղթականներուն ի նպաստ:

Եկեղեցին կը նոյնանայ աղքատին, փոքրիկին եւ օտարականին հետ եւ իր մարգարէական առաքելութեան մաս կը նկատէ անարդարութեան, շահագործումի եւ տառապանքի ընդդէմ բացագանչելու յանձնառութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

6-էն-7 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահութեամբ Հռոմի մէջ գումարուեցաւ Եպիսկոպոսներուն սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան սովորական 15-րդ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած նիւթերուն շարքին արծարծուեցաւ մոլորակի տարբեր տարածքներուն վրայ ի յայտ եկած գաղթականութեան երեւոյթը: Այս մասին նշուած է Եպիսկոպոսներուն սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան հրապարակած պատգամին մէջ, որուն մէջ կը նշուի նաեւ որ հակամարտութիւններու, տնտեսական անհաւասարութեան, աշխատանքի եւ բերրի հող փնտռելու, կրօնական հալածանքներուն, կենսոլորտի տագնապի պատճառով, անթիւ անձեր ստիպուած եղան երկրէ երկիր տեղափոխուելու՝ ծանր եւ կործանիչ հետեւանքներու դէմ յանդիման գալով:

Ունկնդրէ լուրը

Եպիսկոպոսներուն պատգամին մէջ նշուած է, որ երիտասարդները ահ ու սարսափի մատնուած են, ընտանիքներ քայքայուած են եւ շատեր յուսահատութեան մատնուած են: Կիներ եւ երիտասարդներ ստէպ ֆիզիկական սեռային շահագործումի ենթարկուած են: Մանուկները բաժնուած են իրենց ընտանիքներէն եւ զուրկ եւ ապահով եւ միացած ընտանիքին մէջ աճելու իրաւունքէն:

Ի տես այդ դժբախտ երեւոյթներուն, Եպիսկոպոսներուն սինոդի քարտուղարութիւնը հրապարակած պատգամին մէջ նկատել կու տայ որ  եկեղեցին կանչուած է մխիթարելու եւ հիւրընկալութիւն շնորհելու բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով կը տառապին: Եկեղեցին կը նոյնանայ աղքատին, փոքրիկին եւ օտարականին հետ եւ իր մարգարէական առաքելութեան մաս կը նկատէ անարդարութեան, շահագործումի եւ տառապանքի ընդդէմ բացագանչելու յանձնառութիւնը:

Եպիսկոպոսներուն Պատգամին մէջ նշուած է նաեւ, որ եկեղեցին բարձր կը գնահատէ այն պետութիւնները եւ ոչ պետական կազմակերպութիւններ որոնք յանձնառու են օգնելու բոլոր անոնց որոնք ստիպուած երկրէ երկիր կը տեղափոխուին: Եկեղեցւոյ մաղթանքն է, որ տեղական պետութիւնները դիմագրաւեն այն բոլոր անձերուն կացութիւնները, որոնք ստիպուած կը լքեն իրենց բնակարանները, խնդրելով ապա պետութիւններէն, որ  հսկեն մարդավաճառութեան երեւոյթին վրայ ու ամէն ջանք դափեն վերջ դնելու հակամարտութիւններուն: Նշուած է Եպիսկոպոսներուն սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան հրապարակած պատգամին մէջ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2020, 12:33