Ֆրանչիսկոս Պապին լուսանկարը կրօնաւոր ու կրօնաորուհին մը հետ: Ֆրանչիսկոս Պապին լուսանկարը կրօնաւոր ու կրօնաորուհին մը հետ: 

Կարդինալ Պրազ Տէ Աւիզ «Անձինք նուիրեալներուն օրը. աշխարհի հետ երկխօսութեան հարստութիւն մը:

Հարցազրոյց անձինք նուիրեալներու եւ առաքելական կեանքի հաստատութիւններուն ժողովին կառավարիչին հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անձինք նուիրեալներուն օրուան առթիւ ,Վատիկանի Ռատիօ կայանը հարցազրոյց մը ունեցած է անձինք նուիրեալներուն հաստատութիւններու եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններու սուրբ Աթոռի ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Ժաուօ Պրազ Տէ Աւզին հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք,  թէ անձինք նուիրեալներուն օրուան առթիւ, շաբաթ, 1 փետրուարին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը գլխաւորէ սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ անձինքն նուիրեալներուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն անդամներուն ի մէջ այլոց Անարատ Յղութեան առաքինազարդ Հայ քոյրերուն, գլխաւորութեամբ միաբանութեան մեծաւոր Քոյր Արուսեակ Սաճոյեանի:

Հարցազրոյցին մէջ կարդինալը յիշած է  Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ տարի անձինք նուիրեալներուն օրուան առթիւ պատգամէն խօսքեր. անձինք նուիրեալներուն կեանքը վերապրումի կեանք չէ, այլ նոր կեանք մըն է, դարերու մէջ ապրուած հարստութիւն:»

Ծիրանաւորը նշեց թէ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւնը հայեցակէտն է նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն կոչումներուն եւ ինչ կը հայի անձինք նուիրեալներուն կեանքին, յարեց թէ անիկա ամբողջ աշխարհի հարստութիւնը կը նկատուի քան մարտահրաւէր, որովհետեւ անձինք նուիրեալներու կեանքը չէ ծնած երէկ՝ եւ սա կը նշանակէ, որ դարերու հոլովոյթին ապրուած արժանինքերուն կայունութիւնն է:

Կարդինալ Աւիզ հարցազրոյցի մէջ անդրադարձաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին կրօնական կեանքի տուած մեծ կարեւորութեան, նշելով որ Ֆրանչիսկոս Պապ 2015-ին, կրօնական կեանքի մասին խօսեցաւ, ոչ միային իբրեւ քահանայապետ, այլ իբրեւ կրօնաւոր: Նորին Սրբութեան հոգին անձինք նուիրեալներուն հոգի է,  ըսաւ Ծիրանաւորը աւելցնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ շեշտած է, թէ եկեղեցին պէտք է վերականգնէ աղքատներուն հետ սիրոյ կապը եւ վկայէ Աւետարանի հարազատութիւնը, ու այս բոլորը անձինք նուիրեալներուն կեանքին զօրաւոր կէտերը կը նկատուին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2020, 12:21