Ամազոնէն Լուսանկար Ամազոնէն Լուսանկար  Խմբագրական

Ֆրանչիսկոս Պապին Ամազոնի համար «մեծ երազները»:

Ֆրանչիսկոս Պապին հայեացքը ամազոնի տարածաշրջանին վրայ, շօշափելի ուղիներ մարդկային բնապահպանութեան մը համար, որ նկատի կ՝առնէ աղքատներ, ուղիներ մշակոյթներու արժէքաւորման եւ ամազոնեան դիմագիծ ունեցող միսիոներական եկեղեցւոյ ի սպաս:

Անտրէա Թոռնիելլի

«Երազը, ճշմարտութեան որոնումի առանձնաշնորհեալ վայր մըն է: Աստուած նաեւ շատ անգամ ընտրած է խօսիլ երազներու մէջ» այս խօսքերը արտասանուած են Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ դեկտեմբեր ամսոյն, Տոմու Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին քարոզին մէջ, խօսքեր , որոնք կը հային Սուրբ Յովսէփին, լուռ եւ շօշափելի մարդը, խօսքերը, որոնք մեզի օգտակար են Պապին Ամազոնին սեւեռած հայեացքը ըմբռնելու՝ Ամազոնի նուիրուած յետ սինոդի առաքելական յորդորին ընդմէջէն:
Իբրեւ սիրոյ նամակ յօդուած մը , ուր լեցուն են բանաստեղծներուն մէջբերումներ, որոնք ընթերցողին կ՝օգնեն  այդ տարածաշրջանին գեղեցկութեան հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու,  ինչպէս նաեւ անոր առօրեայ ողբերգութիւններուն հետ:

Ինչո՞ւ Հռոմի եպիսկոպոսը որոշակի տարածաշրջանի սահմանափակուած սինոդին ուզեց շնորհել տիեզերական արժանիք մը: Արդեօ՞ք Ամազոնը ու անոր ճակատագիրը մեզի կը հայի՞ն:

Առաքելական յորդորագիրի էջերէն ի յայտ կու գայ պատասխանը: Առաջին կարգին, որովհետեւ ամէն ինչ իրար կապուած եւ փոխկապուած են. Մեր մոլորակին հաւասարակշռութիւնը կախեալ է նաեւ Ամազոնի առողջական վիճակէն: եւ քանի, որ անձերու ինչպէս նաեւ կենսահամակարգներուն խնամքը կարելի չէ իրարմէ բաժնել  մեզ պէտք չեն,  որ անտարբերութեան մատնեն, ոչ բնիկ ժողովուրդներուն մարդկային եւ մշակութային հարստութիւններու քայքայումը եւ ոչ ալ անտառահատումի կործանիչ քաղաքականութիւնները: Կայ ուրիշ այլ տարր մը, որ Ամազոնը Տիեզերական կը դարձնէ: Որոշ ձեւով մը, հոն յայտնաբերուած երեւոյթները, ուժականութիւնները , արդէն մեզի մօտիկ կանխատեսուած մարտահրաւէրներ են. 

Համաշխարհայնացած տնտեսականութեան մը հետեւանքներ եւ ֆինանսական համակարգ մը, որ միշտ նուազ ձեւով զօրաւիգ է մարդկային էակներուն եւ կենսոլորտի:

Խորապէս իրարմէ տարբեր, Ժողովուրդներու եւ մշակոյթներուն միջեւ համակեցութիւնը : Գաղթականութեան հոսքը., արարչագործութեան խնամքի անհրաժեշտութիւնը, որ մատնուած է անդարմանելի վէրք ըլլալու վտանգի:
Querida Amazonía”, «սիրելի ամազոնը» ֆրանչիսկոս Պապին սիրելի նամակին գլխաւոր դերակատարը նախ եւ առաջ կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ համար մարտահրաւէր մը, որ կանչուած է նոր ուղիներ որոնելու, ՝ աւետարանելու համար, հռչակելով Քրիստոնէական սիրտի պատգամը, այն խարիզմը զոր ներկայ կը դարձնէ Աստուծոյ ողորմածութիւնը, Աստուած որ շատ սիրեց աշխարհը ,զոհելով իր Որդին խաչին վրայ:

Մարդը Ամազոնի մէջ պայքարելիք հիւանդութիւն մը չէ՝ կենսոլորտը խնամելու համար
Ամազոնի բնիկ ժողովուրդները պէտք են որ պահպանուին իրենց մշակոյթներով եւ աւանդութիւններով: Անոնք նաեւ ունին Աւետարանական վկայութեան մը իրաւունքը : Անոնք պէտք չեն, որ բացառուած մնան առաքելութենէն, հովուական ծառայութեան խնամքէն, եկեղեցւոյ մը զոր ներկայացուած է արեւէն այրուած դէմքերով միսիոնարներէն, որոնք կարող են երկար օրեր նաւարկել լոկ հանդիպելու համար անձերէ բաղկացած փոքրիկ խումբերու փոխանցելու համար Աստուծոյ քնքշութիւնը ինչպէս նաեւ սուրբ խորհուրդներէն ծնած վերանորոգիչ սփոփանքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր յորդորագիրովվկայութիւն մը կու տայ հայեացքի մը որ կը գերազանցէ իրար հակասող տրամախօսութիւններուն, որոնք վերջ գտան Սինոդը ներկայացնելով իբրեւ հանրաքուէ ՝ ամուսնացեալ մարդիկ քահանաներ ձեռնադրելու կարելութեան : Դա երկար ժամանակէ քննարկուած հարց մըն է , որ կրնայ քննարկուիլ նաեւ ապագային,՛ որովհետեւ, կատարեալ յաւերժական ժուժկալութիւնը, վստահաբար չէ խնդրուած միեւնոյն քահանայական բնոյթէն, ինչպէս հաստատուած է Վատիկանեան Տիեզերական Ժ ժողովին մէջ:

Հարց մը ,որուն համար Սուրբ Պետրոսի յաջորդը երկար աղօթելէ եւ խոկալէ ետք, որոշեց պատասխանել առանց փոփոխութիւններ նախատեսելով կամ յաւելեալ փոփոխութիւններ կատարել, բաղդատամբ այն ինչ որ եկեղեցական կարգապահութենէ նախատեսուած ու սահմանուած են, սակայն խնդրեց վերսկսիլ էականէն, վերսկսիլ ապրուած եւ մարմնացած հաւատքէ մը,, միսիոներական վերանորոգուած սլացքէ մը, արդիւնքը շնորհքին, այսինքն տեղ տալէ Աստուծոյ գործողութեան եւ ոչ թէ շուկայական ռազմավարութեան կամ ալ ազդեցութիւն բանեցնող կրօնաւորներու հաղորդակցական թեքնիկներուն:

«Սիրելի Ամազոն» յորդորագիրը քաջ եւ իւրայատուկ hրաւէր է վերատեսելու եկեղեցական պաշտօնները ու կազմակերպութիւնը : Ան համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատասխանատուութեան հրաւէր է , որպէսզի իր վրայ զգայ այդ ժողովուրդներուն վէրքերը եւ այդ հասարակութիւններուն դժուարութիւններ, որոնք անկարողութեան մատնուած են կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագ մասնակցելու, հրաւէր վեհանձնութեամբ պատասխանելու առաքելով նոր միսիոնարներ, արժէքաւորելով բոլոր խարիզմները եւ աւելիով կեդրոնանալ ոչ ձեռնադրեալներու նոր պաշտօններուն եւ ծառայութիւններուն վրայ, ճանչցուած կայուն կերպով ու յանձնուած աշխարականներուն եւ կիներուն:

ֆրանչիսկոս Պապ ապա մասնաւորապէս նշելով այս վերջիններուն անփոխարինելի նպաստը  կը յիշէ թէ Ամազոնի մէջ տարածուած կենդանի հաւատքը պահպանուած է շնորհիւ վեհանձն ու զօրաւոր կիներուն ներկայութեան, առանց որ այդ կողմեր ոչ մէկ քահանայ անցնի:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2020, 12:10