Վատիկան Վատիկան 

«Քորոնա» ժահր. Վատիկանի մէջ եւս կը յետաձգուին փակ վայրերու մէջ «հաւաքական» հանդիպումները։

«Վատիկանի առողջապահութեան անձնակազմը յարատեւ կապի մէջ է Իտալիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ ու կը հետեւի անոնց ցուցմունքներուն ու առաջարկներուն» հաստատեց Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի յայտարարութեամբ որոշում կայացուած է Վատիկանի մէջ եւս դադրեցնել հաւատացեալներու մեծ մասնակցութեամբ ՝ փակ վայրերու մէջ կայանալիք մի քանի հաւաքական հանդիպումներ, ի տես Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման։ «Թէեւ. վստահեցուց  Ան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայանալիք բացօթեայ հրապարակային ունկ դրութիւնները պիտի շարունակուին»։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ հաւաքներու շարքին՝ Ուրպանիան համալսարանին մէջ  նախատեսուած էր երջանկայիշատակ Կարդինալ Չելսօ Քոսթանթինիի նուիրուած հատորի մը ներկայացումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ի շարս որոնց՝ Կարդինալ Փարոլինը, Կարդինալ Թակլէ, եւ Կարդինալ Ֆիլոնին։ Սոյն հաւաքը, զօր օրինակ, կը նկատուի յետաձգուած, տրուած ըլլալով որ պիտի կայանար «փակ» վայրի մը մէջ, դիտել տուած է Սուրբ Աթոռի Մալոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Վատիկանի Պետութեան մէջ Քորոնա Ժահրին դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման  համար առնուած որոշումներու շարքին կայ նաեւ առողջապահութիւն կեդրոնի մէջ բժիշկի մը շարունակական ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մուտքի գրասենեակներու մէջ  «ձեռքի մաքրութեան» համար բաժանարար գործիքներու զետեղումը։

«Վատիկանի առողջապահութեան անձնակազմը յարատեւ կապի մէջ է Իտալիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ ու կը հետեւի անոնց ցուցմունքներուն ու առաջարկներուն» հաստատած է Տիար Մաթթէօ Պրունի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2020, 09:40