Որոնել

Վատիկանի մէջ գումարուած անչափահասներու պաշտապանութեան ժողովէն առնուած լուսանկար: Վատիկանի մէջ գումարուած անչափահասներու պաշտապանութեան ժողովէն առնուած լուսանկար: 

Անչափահասներու պաշտպանութեան ի նպաստ աշխատանքային խումբի հաստատման վերաբերեալ Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութիւնը:

Անչափահասներու պաշտպանութեան մասին, Վատիկանի մէջ գումարուած ժողովէն մէկ տարի ետք Ֆրանչիսկոս Պապի տնօրինումով հաստատուեցաւ աշխատանքայի խումբ մը:

Վազգէն Աբարդեան

21էն-24 փետրուար 2019-ին, Վատիկանի մէջ անչափահասներու պաշտպանութեան մասին գումարուած ժողովին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը յայտարարած էր, որ կը փափաքի աշխատանքային խումբ մը հիմնել, օգնելու համար եպիսկոպոսներուն, անչափահասներուն պաշտպանութեան նիւթով ուղեցոյց պատրաստելու գործերուն մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ անչափահասներու պաշտպանութեան մասին ժողովէն մէկ տարի ետք5 Ֆրանչիսկոս Պապի տնօրինումով հիմնուած է աշխատանքային խումբը մը5 որուն կառավարիչ անուանուած են հետեւեալ եկեղեցական բարձրասիճան եկեղեցականները. Գերապայծառ Էտկար Փենա Փառա, Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործերուն փոխանորդը , Բոմփէի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Կրասիաս Օսվալտը, Չիքակոյին արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ժուտ  Շիքլունայ ինչպէս նաեւ Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանի անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի անդամ, Գերապայծառ Հանս Զոլներ:

Անչափահասներու պաշտպանութեան ի նպաստ աշխատանքային խումբի պարտականութիւնն է օգնել եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն եպիսկոպոսներուն, անչափահասներուն պաշտպանութեան նիւթերու առնչութեամբ ուղեցոյց պատրաստելու մէջ, հիմնուած հաւատոյ դաւանանքի ժողովի ուղեցոյցին վրայ:

Աշխատանքային  խումբը, անչափահասներու պաշտպանութեան նիւթով օգտակար պիտի դառնայ նաեւ կրօնական հաստատութիւններուն եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններուն:

Աշխատանքային խումբը ունի երկու տարի ժամկէտ, սկսեալ 24 փետրուար 2020-էն: Խումբը կազմուած է համակարգող է մը՝ յանձին Տոքթ Անտրէ Ազոփարտի, ինչպէս նաեւ  տարբեր երկիրներուն եկեղեցական իրաւագէտներէ:

Աշխատանքային խումբի համակարգողը ամէն երեք ամիս տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ, Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարութեան՝ աշխատանքային խումբի գործունէութեան մասին:

Աշխատանքային խումբի ծախսերուն համար հիմնուած է բարերարներէ կազմուած ֆոնտ մը:

Վերջապէս հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ անչափահասներու պաշտպանութեան հայող նիւթերով, Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսները, կրնան վերոնշեալ աշխատանքային խումբի դիմել, գրելով հետեւեալ հասցէին :( taskforce@org.va).

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2020, 11:18